Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 23 սեպտեմբերի կէս գիշերին, ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւն ահազանգ ստացուած է, որ Արմաւիրի մարզի Մերձաւան բնակավայրի Երեւանեան խճուղիին մէջ կրակոցներ հնչած են: Կրակոցներուն պատճառով արձանագրուած են 2 զոհեր եւ 1 վիրաւոր: Սպաննուածներէն մէկը Փարաքար համայնքի ղեկավար Վոլոդիա Գրիգորեանն է: