Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ Արցախահայութեան Նուիրուած Խորհրդաժողով

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախ» միութիւնը յայտարարութեան մը միջոցով տեղեկացուց, որ Արցախի ցեղային զտումէն եւ արցախահայութեան հայրենազրկումէն 2 տարիներ ետք` 18 սեպտեմբեր 2025-ին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` պատգամաւոր եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Էմանուել Մանտոնի նախաձեռնութեամբ:

Ժողովին կը մասնակցէին Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, դիւանագէտներ, փորձագէտներ, համալսարանականներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձր ներկայացուցիչներ, որոնք վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին:

«Խորհրդաժողովի առաջին փուլին մասնակիցները անդրադարձան Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն արցախահայութեան համար: Մասնակիցները ընդգծեցին, որ բռնի տեղահանութեան անպատժելիութիւնը կը վտանգէ միջազգային կարգի հիմքերը: Այս պարունակին մէջ նշուեցաւ, որ ֆրանսացի եւ եւրոպացի պատգամաւորները յանձն առած են մոռացութեան չմատնել Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղային զտումը եւ պիտի շարունակեն սեփական կառավարութիւններուն դրդել գործնական քայլեր ձեռնարկել` միջազգային իրաւունքի յարգումը ապահովելու համար: Երկրորդ քննարկումը նուիրուած էր խորհրդարանական դիւանագիտութեան. կարեւոր նկատուեցաւ եւրոպական երկիրներու խորհրդարանականներու եւ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանականներու միջեւ կապերու ձեւաւորումը եւ համագործակցութիւնը` Արցախ վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրակարգ բերելու եւ հայ գերիներու ու քաղաքական բանտարկեալներու անյապաղ ազատ արձակումը պահանջելու համար: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախաձեռնութեան, որ հանդէս եկաւ կոչով` հաւաքագրելու ֆրանսացի խորհրդարանականներու ստորագրութիւնները` Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը պաշտպանելու եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը պահանջելու համար:

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ կոչ ուղղեց շարունակելու Արցախեան դատին համար պայքարը: Քաղաքականութիւնը այն հզօր ուժն է, որ ունակ է վճռական գործողութեամբ փոխել իրականութիւնը եւ, ուստի, ես կ՛առաջարկեմ, որ համարձակինք պայքարիլ բռնութեան նկատմամբ արդարութեան յաղթանակը ապահովելու համար», կը նշուի «Արցախ» միութեան յայտարարութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Սպաննուած Է Փարաքարի Համայնքապետ Վոլոդիա Գրիգորեանը

Յաջորդը

Դատարանը Մեղաւոր Ճանչցաւ Միքայէլ Արք. Աջապահեանը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?