Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները կը շարունակեն տարբեր խողովակներով երկխօսութիւնը, սակայն ներկայիս յստակ պատկերացում չկայ, թէ երբ կրնան նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի յաջորդ հաղորդակցութիւնները տեղի ունենալ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Այս պահուս որեւէ պատկերացում չկայ հեռաձայնային հաղորդակցութեան կամ յաջորդ անձնական հանդիպումի կատարման հաւանական ժամկէտներու մասին: Սակայն հաղորդակցութիւնները իսկապէս տարբեր ուղիներով կը շարունակուին` թէ՛ դիւանագիտական ուղիներով, թէ՛ անոնց աշխատակազմերուն միջեւ: Այդ երկխօսութիւնը կը շարունակուի, սակայն առայժմ բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններու վերաբերեալ որեւէ ենթադրութիւն չկայ», բացատրած է Քրեմլինի բանբերը:
Փեսքով, սակայն, աւելցուցած է, թէ կան բոլոր կարելիութիւնները Փութինի եւ Թրամփի նման զրոյցը կազմակերպելու համար` «անհրաժեշտութեան պարագային եւ պետութիւններու ղեկավարներու որոշման ժամանակ»:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ նախագահը Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական համաձայնութիւններով կարելի պիտի չըլլայ «գայթակղեցնել», որպէսզի Մոսկուան Ուքրանիոյ հարցին մէջ զիջումներ կատարէ:
Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած որեւէ խաղաղապահ ուժ ռուսական զինեալ ուժերու կողմէ պիտի դիտարկուի իբրեւ օրինական ռազմական թիրախ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը քննադատած է նաեւ Եւրոպան` ընդգծելով, որ անիկա «անամօթաբար կը փորձէ տեղ գրաւել» Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: «Հաշուի առնելով եւրոպական երկիրներու դիրքորոշումը` անոնք այնտեղ ընելիք չունին», ըսած է Լաւրով:
Ան նշած է, որ եւրոպացի ղեկավարները «ոչինչի համար պատասխանատու են, սակայն շատ կը խօսին այն հարցերուն մասին, որոնց վրայ չեն կրնար ազդել»:
Խօսելով Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասին` Լաւրով նշած է, թէ վերջինս կը ձգտի կանխարգիլել Արեւմուտքի «առողջ ուժերուն» կառուցողական ուղիի հետեւիլը, ինչպէս նաեւ կը փորձէ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը հակադրել Չինաստանի դէմ:
Նախարարը կրկին ընդգծած է, թէ ռուսական բանակը չի հարուածեր քաղաքային թիրախներու կամ խաղաղ բնակչութեան, իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին մասին ըսած է, որ ան «չի համապատասխաներ համաշխարհային կազմակերպութեան կանոնադրութեան պահանջներուն»:


