Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի մէջ տեղի ունեցած արաբական-իսլամական պետութիւններու վեհաժողովին քիչ էին այն երկիրները, որոնք կը մասնակցէին ոչ առաջին դէմքերով: Անոնցմէ ուշագրաւ ներկայութիւն էր Ազրպէյճանը, որ մասնակցեցաւ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով:

Այս երեւոյթը անմիջապէս համեմատական տրամաբանութիւն կը յուշէ Անգարայի հետ, որուն առաջնորդին խօսքը կը բնութագրուի իբրեւ վեհաժողովին հնչած ամէնէն շատ հակաիսրայէլականը:

Յատուկ վերլուծումի կը կարօտին իւրաքանչիւրի խօսքին հասցէականութեան տարբերութիւնները: Համասի շրջանցումը, պաղեստինցի ժողովուրդին զանգուածային ջարդի եւ բռնատեղահանման ենթարկուիլը, ցեղային զտումն ու ցեղասպանութիւնը եզրեր էին, որոնք հնչեցին վեհաժողովի ընթացքին: Այսքան հնչեղութեան առիթը անշուշտ այն էր, որ գործողութիւնը իրականացուած էր քաթարեան տարածքներու վրայ` ծանր հարուած հասցնելով Քաթարի ստանձնած միջնորդական առաքելութեան, երկրին ու պետութեան:

Այդ երանգային տարբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ շատ աւելի ցցուն էին: Էրտողանի խօսքին մէջ Իսրայէլ կը ներկայացուէր իբրեւ ցեղասպան պետութիւն, հաշիւ կը պահանջուէր եւ կոչ կ՛ըլլար տնտեսական ճնշումը Իսրայէլի վրայ հզօրացնելու: Քաոս ստեղծող ահաբեկչական պետութիւն կ՛որակուէր Իսրայէլը, որ խախտած էր միջազգային իրաւունքի բոլոր կանոնները եւ մնացած էր անպատիժ: Ըստ Էրտողանին, արիւնարբու պաշտօնեաներ կը նկատուէին իսրայէլացի ռազմաքաղաքական անձնաւորութիւնները, որոնք այս ոճիրով Իսրայէլի «աւազակապետութիւն»-ը նոր աստիճանի կը հասցնէին: Թուրքիոյ առաջնորդը այս բոլոր ծանրագոյն մեղադրանքները հնչեցնելէ ետք կը վճռէր, որ չի հանդուրժեր Կազայի ցեղասպանութիւնը կամ անոր մասնատումը:

Մղոններով հեռու էր Պաքուի պաշտօնական խօսքը Անգարայի աւագ եղբօր փոխանցածներէն թէ՛ իբրեւ ոճ եւ թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն: Նկատուեցաւ արդէն, որ Պաքուն խուսափած էր առաջին դէմքով ներկայանալէ այս վեհաժողովին: Արագ հայեացքով թէ՛ խուսափումը եւ թէ՛ մեղմ ոճը կը մեկնաբանուին այսօր գործող եւ զարգացող Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմավարական համագործակցութեամբ: Հարցումը բնականաբար շատ արագ կը ձեւաւորուի: Այս ընթացքը ի հեճուկս Անգարայի՞ է, թէ՞ անոր հետ համակարգուած է:

Մարդասիրական ճգնաժամի խորացման միտող արարք որակած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը Քաթարի մէջ արձանագրուածը եւ աւելցուցած, որ իր պետութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ Քաթարին շարունակելու իր առաքելութիւնը: Համակողմանի կոչ կայ բոլոր կողմերուն հրադադարի հաստատման նպատակով իրենց ջանքերը ի գործ դնելու, յարգելով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները: Այսքան:

Այս հանգամանքները աւելիով պարզ կը դառնան, երբ կարդանք շրջանառութեան մէջ դրուած լրատուութիւնը առ այն, որ Պաքուի մէջ կ՛ակնկալուի բարձրագոյն մակարդակի վրայ Սուրիա-Իսրայէլ դէպի բանակցութիւններ ձգտող երկխօսութիւն:

Պաքուն միայն ինքնաառաջադրումով չի կրնար ստանձնել նման առաքելութիւն: Հարաւային Կովկաս-Միջին Արեւելք յարաբերակցական գիծին վրայ կը գրանցուին զուգահեռ գործընթացներ: Ազրպէյճանական հարթակի ձեւաւորման մէջ դերակատար է Անգարան, որքան ալ բարձրացնէ հակաիսրայէլական իր յայտարարողականութիւնը: Այս շրջածիրին մէջ կը տեղաւորուին նաեւ Ուաշինկթընի տարբեր ներկայացուցիչներու յուշումները, թէ Աբրահամեան դաշինքի քարտէսի երկրորդ միջավայրը Հարաւային Կովկասն է:

«Ա.»

Նախորդը

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Յաջորդը

Գերիշխանութիւն. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Բ.

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?