1976-ին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը (Եուրոն) տեղի ունեցած էր Եուկոսլաւիոյ մէջ:
Օրին տարբեր էր գրեթէ ամէն ինչ. կը մասնակցէին 4 խումբեր, որոնք զտումներէ մնացած էին` հասնելով Եուրոյին, կիսաւարտականի հասած խումբերու նման:
Չեխոսլովաքիա առաջին մրցումին Զաղրեպի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի փոխախոյեան Նետերլանտները` յետ երկարաձգման, անձրեւոտ մթնոլորտի մէջ դուրս ձգելով Եոհան Քրոյֆի խումբը, մինչ օր մը ետք Պելկրատի մէջ աշխարհի ախոյեան Գերմանիա 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Եուկոսլաւիան` յետ երկարաձգման:
3-րդ դիրքի մրցումին Նետերլանտներու խումբը 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եուկոսլաւիան` անգամ մը եւս երկարաձգումէ ետք:
Հետաքրքրական էր, որ աւարտականին Պելկրատի մէջ Չեխոսլովաքիա 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստացաւ եւ դիմուեցաւ երկարաձգումի: Ի վերջոյ Չեխոսլովաքիա փենալթիներով յաղթեց Գերմանիոյ, ուր Չեխոսլովաքիայէն Անթոնին Փանենքա իր հռչակաւոր փենալթիով (լոպով մը) բաժակը նուիրեց Չեխոսլովաքիոյ:
1993-ին, երբ Չեխիա եւ Սլովաքիա անկախ պետութիւններ հռչակուեցան, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն տուաւ որոշում մը, որ 30 տարիէ աւելի վէճեր յառաջացուց, երբ Չեխիան ճանչցաւ իբրեւ Չեխոսլովաքիոյ իրաւայաջորդ տիտղոսակիրը` ժառանգելով Եուրոյի տիտղոսը, բայց ոչ Սքովաքիան:
Եւ ահա 2025-ին սլովաքները վերջապէս կրցան հասնիլ կարգավիճակի փոփոխութեան: Սլովաքիան, որ 1976-ին տրամադրած էր 7 մարզիկներ, նոյնպէս ստացաւ Եուրոյի ախոյեանի կարգավիճակ:
Այժմ Սլովաքիա հաւասարեցաւ Նետերլանտներու, Փորթուգալի, Դանիոյ եւ Յունաստանի մէկական տիտղոսներով Եուրոյին:
Նշենք, որ 1976-ի հիւրընկալ երկիրն ալ այժմ 78 երկիրներու բաժնուած է, եւ լաւ է, որ անոնք 1960-ին եւ 1968-ին փոխախոյեան դարձած են Եուրոյի, եթէ ոչ Խրուաթիա, Սերպիա, Սլովենիա, Պոսնիա, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Մոնթենեկրօ եւ Քոսովօ… պիտի բաժնուէին տիտղոսը: