Ռուսիոյ Պալթիքա Քալինինկրատի գլխաւոր մարզիչ Անտրէյ Թալալայեւ վերջերս ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին հարցումի մը պատասխանեց տարօրինակ ձեւով:
«Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Ալեքսէյ Պաթրաքովի փոխանցման արժէքը նոյնն է, 12 միլիոն եւրօ: Եթէ ունենայիք 12 միլիոն եւրօ` այս երկու ֆութպոլիստներէն մէկը ձեռք ձգելու համար, զո՞վ կ՛ընտրէիք եւ ինչո՞ւ», հարց տուաւ Անտրէ Վիքթորովիչ:
Թալալայեւ ըսած է. «Էտուարտ Սփերձեան: Պաթրաքով տաղանդաւոր ֆութպոլիստ է եւ ասիկա նշած եմ նախապէս, բայց ան տակաւին կը զարգանայ: Իսկ Սփերձեան հասուն խաղցող է, որ կրնայ որոշել մրցումի արդիւնքը, ինչպէս վերջին մրցումին ալ անգամ մը եւս տեսանք»:
«Հարցումը Ռոնալտոյի եւ Պաթրաքովի մասին էր, ոչ թէ Սփերձեանի», ըսաւ Վիքթորովիչ:
«Ես կ՛ընտրէի Սփերձեանը», կրկնած է Թալալայեւ: Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի այս տարեշրջանի առաջին 8 հանգրուաններուն Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան 4 կոլ նշանակած է եւ 9 էսիսթ կատարած:
20 տարեկան Ալեքսէյ Պաթրաքով 8 մրցումներու ընթացքին 8 կոլ նշանակած է եւ կատարած 2 էսիսթ: