Հորատիզէն դէպի Հայաստանի հետ սահման տանող ճամբու շինարարութիւնը գրեթէ աւարտած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկրին կառավարութիւնը:
«Հորատիզ-Ջաբրայիլ-Զանգելան-Աղբենդ ճամբու` Զանգեզուրի միջանցքի շինարարութիւնը իրականացուած է 95 առ հարիւրով», կը հաղորդէ լրատու գործակալութիւնը:
ԱՓԱ-ի պնդումով` 149 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութիւն ունեցող ճամբու 123 քիլոմեթրը արդէն իսկ կառուցուած է:
«Նորակառոյց ճամբան կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշերուն, ատոր լայնութիւնը 14-էն 21 մեթր է», կը տեղեկացնեն ազրպէյճանական աղբիւրները: