Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տոհայի Մէջ Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ

Սեպտեմբեր 17, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երկուշաբթի օր Տոհայի մէջ Քաթարի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հակադարձութիւնը` քննարկելու համար արաբական-իսլամական արտակարգ վեհաժողովին իր մասնակցութեան ծիրին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Յորդանանի Թագաւորին Հետ

Նախագահը այս ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ լիբանանեան ու յորդանանեան պատուիրակութիւններուն:

Նախագահ Աուն Յորդանանի թագաւորին շնորհակալութիւն յայտնեց անոր երկրին լիբանանեան բանակին տրամադրած աջակցութեան համար: Ապտալլա Բ. իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց տրամադրելու յաւելեալ մեքենաներ, որոնք բանակին կ՛օգնեն անոր վստահուած առաքելութիւնը կատարելու:

Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային զարգացումները: Յորդանանի թագաւորը իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց տնտեսական միացեալ ծրագիրներուն:

Սուրիոյ Նախագահին Հետ

Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ` ներկայութեամբ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ նախարար Ռաժիի: Անոնք անդրադարձան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն եւ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ սահմանի երկայնքին կայունութեան պահպանման երաշխաւորման անհրաժեշտութեան:

Անոնք շեշտեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար ծովային սահմաններու սահմանագծման եւ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին, որուն շուրջ Սուրիոյ նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց գաղթականներու սուրիական հողեր վերադառնալ սկսելնուն առիթով:

Քննարկուեցան Պէյրութի մէջ լիբանանեան եւ սուրիական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին արգելափակեալներու թղթածրարին մէջ արծարծուած կէտերը, եւ ընդգծուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ արդարադատական համագործակցութեան կարեւորութիւնը` այս թղթածրարը լուծելու «կիրարկուող օրէնքներուն հիմամբ»:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ նախագահները համաձայնեցան, որ երկու երկիրները իրարու հետ կապ հաստատեն, ստեղծուին մասնագիտացած յանձնախումբեր, որոնց շարքին տնտեսական եւ ապահովական յանձնախումբեր, աշխատանք տարուի երկու երկիրներուն միջեւ կայունութեան պահպանման համար եւ պաշտօնատարներու փոխադարձ այցելութիւններ կատարել:

Քննարկումը նաեւ անդրադարձաւ տնտեսական նիւթերու, ցամաքային փոխադրութեան, իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակման լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան:

Նախագահ Աուն այս ծիրին մէջ Սուրիոյ նախագահը դրաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական կայունութեան հաստատման համար ընթացող հաղորդակցութիւններու մթնոլորտին մէջ: Ան զգուշացուց «սադրանքէն, որ Իսրայէլ իր կատարած յարձակումներուն ճամբով կը փորձէ ստեղծել»:

Իրանի Նախագահին Հետ

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժին եւ լիբանանեան ու իրանեան պատուիրակութիւններուն անդամները:

Իրանի նախագահը ժողովի սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց նախագահ Աունի հետ հանդիպելուն համար: Վերջինս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումին համար եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիին վերջերս Պէյրութ այցելութեան ընթացքին իր ըսած խօսքը կրկնելով վերահաստատեց. «Լիբանան կ՛ուզէ, որ Իրանը բոլոր լիբանանցիներուն բարեկամը ըլլայ, եւ ոչ թէ մէկ խումբի մը»:

«Լիբանան անհամբեր կը սպասէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հետ փոխադարձ յարգանքի, անկեղծութեան, մէկը միւսին ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ հասարակաց շահերու պահպանման վրայ հիմնուած լաւ յարաբերութիւններուն», ըսաւ Աուն:

Ան իր կառչածութիւնը յայտնեց Լիբանանը բարեկամ երկիրներուն կապող այդ սկզբունքներուն:

Փեզեշքիան զօրակցութիւն յայտնելով կոչ ուղղեց, որ յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան փոխադարձ յարգանքի ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր պետութեան հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան պահպանման վրայ:

«Այս սկզբունքը Իրանի մէջ մեր քաղաքականութեան խորքն է, եւ անոր արմատները մարգարէներու, առաքեալներու եւ միաստուածեան կրօններու ուսուցումներուն մէջ են: Եթէ այս սկզբունքները յարգուին, ապա պետութիւններուն միջեւ պէտք չէ որեւէ տարակարծութիւն ըլլայ», նշեց Իրանի նախագահը:

Փեզեշքիան համաձայն գտնուեցաւ նախագահ Աուն հետ, թէ պետութիւնները իրարու հարցերուն պէտք չէ միջամտեն, այլ պէտք է գործակցին եւ աշխատանք տանին խրատելու եւ կարծիքներու փոխանակում կատարելու այն բաներուն շուրջ, որոնք կրնան անոնց օգուտ բերել:

Ան շեշտեց, որ Իրան դրական կ՛ընկալէ այն առաջարկները, որոնք բարեկամ պետութիւններու գերիշխանութիւնը կը պահպանեն:

Նախագահ Աուն նշեց բարեկամ պետութիւններու միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` իրագործելու համար այդ պետութիւններուն եւ անոնց ժողովուրդներուն հասարակաց շահերը, ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը այն աշխատանքին, որ Լիբանանի մէջ կը տարուի կայունութեան, հանգստութեան եւ ապահովութեան հաստատման համար:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք կ՛աշխատին այդ նպատակի իրագործման համար:

Երկու նախագահներուն միջեւ քննարկումը նաեւ անդրադարձաւ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն լոյսին տակ շրջանին մէջ տիրող կացութեան:

Պաղեստինեան Իշխանութեան Նախագահին Հետ

Նախագահ Աուն հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամներուն:

Քննարկուեցաւ նախագահ Ապպասի Պէյրութ այցելութեան ընթացքին գաղթակայաններէն պաղեստինեան զէնքը վերցնելու շուրջ անոնց միջեւ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը: Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ ինք նախանձախնդիր է, որ այս համաձայնութեան գործադրութեան աշխատանքը շարունակուի ի շահ Լիբանանի եւ Պաղեստինի:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց համաձայնութեան գործադրութեան առնչութեամբ իր թափած ջանքերուն համար` նշելով. «Գոյութիւն ունին միացեալ յանձնախումբեր, որոնք Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններէն զէնքերու հեռացումը համակարգելու վրայ կ՛աշխատին»:

 

 

Նախորդը

Նապաթիէի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը 12 Վիրաւոր Պատճառեց

Յաջորդը

Քաթարի Իշխանը Ռուպիոյի Հետ Քննարկեց Տոհայի Վրայ Իսրայէլի Յարձակումն Ու Կազայի Դէմ Պատերազմը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?