Գրասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ է Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորը, լոյս տեսած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն: 300 էջերէ եւ 43 գլուխներէ բաղկացած գեղատիպ գիրք մը` Արմենակ Եղիայեանի ներածականով («Յառաջաբանի փոխարէն») եւ Կարօ Յովհաննէսեանի սրտի խօսքով (««Մեր տունը» եւ Սեդան»):
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, Հայ օգնութեան միութեան, Լիբանանի Ազգային իշխանութեան եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (MECC) պատասխանատու մարմիններու երկար տարիներու ժրաջան անդամ է, հեղինակաւոր ու փնտռուած ներկայութիւն: 2015-ին ան արժանաւոր կերպով գլխաւորեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանահայ կեդրոնական մարմինը: Անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ հրապարակային ելոյթներով հանդէս եկած է բազմիցս:
Այսքանը ծանօթ է շատերուն: Ինչ որ ծանօթ չէ սակայն, Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան հեղինակն է, որուն ուշացած երախայրիքը` «Մեր տունը», արժանի է լայն ուշադրութեան եւ գնահատանքի:
Արդարեւ, «Մեր տունը» առաջին ակնարկով կը թուի ըլլալ Մարկոսեան ընտանիքին պատմութիւնը: Գոյատեւման սխրանքը` բազմանդամ ընտանիքի մը, որուն հայրն ու մայրը` Սահակ Մարկոսեանը եւ Մարիամ Անտոնեանը, գաղթականութեան բոլոր արհաւիրքները ցմրուր ճաշակելէ ետք, տառապանքով, ամէնօրեայ տքնանքով եւ անկոտրում կամքով արժանապատիւ կեանք մը կը պարգեւեն իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն:
Հայկական աւանդապահ, հայրենասէր ու ազգասէր ընտանիքի մը հայրն ու մայրը այս հատորին ընդմէջէն ընթերցողին կը ներկայանան իբրեւ ցայտուն կերպարներ, աւելի ճիշդ` մէկական ներկայացուցիչներ ամբողջ սերունդի մը, որ ապրեցաւ Ցեղասպանութեան բոլոր խոցերը եւ սակայն չընկրկեցաւ: Վերականգնեց ինքզինք, տէրը կանգնեցաւ սեփական ճակատագիրին, կարողացաւ «քարէն հաց հանել», արդար քրտինքով վաստակը ապահովել եւ օտարութեան մէջ հայը հա՛յ պահել` ընտանեկան դաստիարակութեամբ, հայեցի կրթութեամբ եւ տոհմիկ աւանդութիւններով:
Սահակներ եւ մարիամներ շատ եղած են յետեղեռնեան ճակատագրական այդ հանգրուանին: Հայօրէն ապրած ու գոյատեւած իւրաքանչիւր տուն անպայման «Սահակ մը» եւ «Մարիամ մը» ունեցած է, բայց անոնք բախտը չեն ունեցած հատորով մը անմահանալու: Հազիւ «հոգւոց մը» եւ խաչ մը բարձրացած է անոնց շիրիմներուն վրայ: Անոնք մնացած են անծանօթ հերոսներ: Այս հատորով, Սահակ եւ Մարիամ Մարկոսեաններուն պատմութիւնը ներկայացնելով, Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան միաժամանակ կ՛ոգեկոչէ յիշատակը այն բոլոր «Սահակ»-ներուն եւ «Մարիամ»-ներուն, որոնք օրին մէկը ձեւ ու դրոշմ տուին մեր կեանքին: Վկայականներու տէր չէին անոնք, ո՛չ ալ դիրք ու պաշտօն կը վայելէին: Ունէին սակայն աւելին` կրթուած միտք, հայութեամբ բաբախուն սիրտ ու հոգի:
«Մեր տունը» կը ներկայացնէ գողտրիկ պատմութիւնը թոմարզացի ընտանիքի մը, որ շուրջ քառասուն տարի կայք կը հաստատէ Պուրճ Համուտի սրտին` Նոր Թոմարզայի մէջ: Շրջան մը, որ կը համընկնի Պուրճ Համուտի ջուրի ընկերութեան թաղամասին: Ջուրի ընկերութիւնը ինքնին կը կառուցուի Մարկոսեաններու տան տեղը:
Նոր Թոմարզան Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի բառերով` «Պուրճ Համուտի ընդհանուր խճանկարին մէջ փոքրիկ մանրանկար մըն էր` վերակենդանացած իր անցեալի բարքերով ու աւանդութիւններով, այդ նոյն հայրենիքն էր վերածնած հայով» (էջ 217): Նոր Թոմարզայի պատմութիւնը չի տարբերիր Պուրճ Համուտի մնացեալ թաղամասերու` Նոր Մարաշի, Նոր Սիսի, Նոր Ատանայի, Նոր Կիլիկիոյ պատմութենէն: Նոր Թոմարզան բախտաւոր է, որ ունեցաւ հաւաքական իր յիշողութեան փրկիչը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանը: Այնպէս` ինչպէս Շահանդուխտ կորուստէ փրկած է Նոր Մարաշի հիմնադրութեան եւ զարգացման պատմութիւնը (տե՛ս «Մարաշ. դալար տոհմածառ», էջ 127-167, նաեւ` նոյնին «Վկաները ոտքի ելան» եւ «Պուրճ Համուտէն կու գամ» Ա. եւ Բ. հատորները), Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան եւս երախտաշատ գործ կատարած է թուղթին յանձնելով իր ծննդավայրին պատմութիւնը` ականատեսի վկայութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ:
«Մեր տունը» հատորին ընթերցանութիւնը գրասէրին կը շնորհէ եզակի առիթը հոլիվուտեան ժապաւէնի նման պատկերացնելու քանի մը փողոցէ բաղկացած այն թաղամասը, ուր երեք քառորդ դար առաջ ապրած է Մարկոսեան ընտանիքը: Հոն են` նպարավաճառներ Մկրտիչը, «Հոմես»-ը, Սարգիսը եւ «Պէպէքճի»-ն: Հոն է ասեղ-դերձան ծախող պարոն Բենիամինը: Հոն են թաղեցիները առօ՜ք-փառօք. Ղոճի Յակոբը եւ դերձակ Եղիան, Տայու Յարութիւնը եւ Խաչեր Էնիշտէն, Պիտիկ Խաչերը եւ Ղամախի Հաճին, Աշճի Միհրանը եւ միւսները: Հոն են նաեւ` Ովսաննա տուտուն եւ Սիրանուշ խալան, Կիլլիւ տուտուն եւ Վանունի քոյրիկը, Ֆիլոր ճէճէն եւ Շահոգրամ տուտուն ու… մնացեալը: Իսկական ֆոլքլոր: Հայկակա՛ն ֆոլքլոր: Թաղային կեանք մը, որուն նմանը չունինք այլեւս: Թաղ մը, որ ունի` իր առաւօտեան սուրճի հաւաքները, տօնական օրերուն գաթայ շինելու «արարողութիւնները», փակեալ խորանի անտառագնացութիւնը (Ամանոսի հարաւ-արեւմուտքը), Ծնունդի եւ Զատկուան խթման իւրայատուկ գիշերները, Տեառնընդառաջի եւ Վարդավառի տօնախմբութիւնները, ապրիլ 24-ի եւ մայիս 28-ի ոգեկոչումները, եւ դեռ` 1957-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Ահա հայաշունչ այս մթնոլորտին ու միջավայրին մէջ հասակ կ՛առնեն Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, անոր հինգ քոյրերն ու եղբայրները եւ թաղեցի պատանի-պարմանուհիները, որոնցմէ շատերը հետագային կը դառնան հայ կեանքի հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս` Արմէն Զաքարեանը (Նորվան արք. Զաքարեանը), Ալեքսան, Սիմոն, Վարդան եւ Տիրուկ Մնակեանները, Դանիէլ եւ Արա Մածունեանները, Յովհաննէս, Մանուէլ եւ Վարուժան Թադեւոսեանները, Մարզպետ Մարկոսեանը, Հուրիկ Խանճեանը եւ ուրիշներ:
Նոր Թոմարզան վերապրեցնելու այս փորձը կ՛արժէ, որ վարակիչ դառնայ Պուրճ Համուտի մնացեալ շրջաններուն համար եւս, որպէսզի իւրաքանչիւրը ունենայ իր կենսագիրը: Ամիսներ առաջ համեստ ճիգ մը կատարեցինք Նոր Սիսի պատմութիւնը ներկայացնելու («Ազդակ», 13 եւ 14 փետրուար 2025): Տարիներ առաջ վաղամեռիկ Սօսի Առաքելեան փորձ մը կատարած է Արագած թաղի պատմութիւնը պատրաստելու («Ազդակ Բացառիկ», 1987): Անդրադարձանք նաեւ Նոր Մարաշի պարագային Շահանդուխտի շնորհակալ աշխատանքին: Այս բոլորը կարեւոր են, սակայն անբաւարար` ամբողջական եւ իսկական պատմութիւնը ներկայացնելու շրջանի մը, որ հինգ տարիէն կը նշէ իր 100-ամեակը: Պուրճ Համուտը արժանի է իր պատմագիրը ունենալու: Մէկը, որ համախմբէ «Մեր տունը» եւ նման հատորները, պրպտէ, ուսումնասիրէ եւ ընթերցողին ներկայացնէ «բազում արութեան գործերը» Պուրճ Համուտին եւ պուրճհամուտցիին: Հրաւէրը բա՛ց է բոլորին:
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան այս աշխատանքին իր լուման բերած է աւելիով, որովհետեւ Նոր Թոմարզայէն բացի` ան իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներու Պուրճ Համուտին յատկացուցած է առանձին գլուխ մը («Պուրճ Համուտը` մեր վերածնունդը նոր Կիլիկիայով»): Յաւելեալ երկու գլուխ ան տրամադրած է իր թաղին («Մեր թաղը` Նոր Թոմարզան» եւ «Մեր թաղը մեր տունն էր»), որ նմանակն է Պուրճ Համուտի այդ օրերու բոլոր թաղերուն եւ անոր ծանօթացումով կարելի է դիւրութեամբ պատկերացնել ու վերակենդանացնել Պուրճ Համուտի 1950-ական եւ 1960-ական թաղերէն ոեւէ մէկը: Թաղ մը, ուր անպայման պատանիները հոլ, չելլիկ, հինգ քար եւ «ղըժ-ղըժ» կը խաղան, մինչ տուտու մը ամէն առաւօտ տուներուն առջեւ կ՛աւլէ: Անդին` ազատ մուտք ու ելք կ՛ունենան տեսակ-տեսակ վաճառականներ` չաման ծախողը, ձեռքի վրայ ուտելիք վաճառողը, կառքի վրայ պնակ, գաւաթ եւ խոհանոցային իրեր ծախող փերեզակը եւ այլն: Տակաւին, առանց մոռնալու փայտէ սնտուկի մէջ ճախարակով սինեմա ցուցադրողը…
Ահա գունագեղ այս պատկերն է, որ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան կը ներկայացնէ «Մեր տունը» հատորով եւ քիչ անդին կը հաստատէ, որ` «Նարնջենիներու պարտէզները եւ շոճիի բարձր ծառերով անտառները Պուրճ Համուտի հմայքն ու գեղեցկութիւնն էին: Տուները համեստ ճարտարապետութեամբ, ընդհանրապէս միայարկ, առաւելագոյնը` երկյարկանի, փոքրիկ բակերով, քով-քովի իրարու փակած էին: Նարնջենիի պարտէզները իրարմէ կը բաժնէին թաղերը, իսկ նեղլիկ փողոցները թաղերը իրարու կապող եւ թաղեցիներու մտերմութիւնը պահող Պուրճ Համուտի երակներն էին» (էջ 213):
Լուսանկարիչի մը ոսպնեակին հարազատութեամբ թուղթին յանձնուած այս տողերը, անկասկած որ գրուած են կարօտի եւ ափսոսանքի գրիչով, որովհետեւ ժամանակը գործած է իր աւերը եւ Պուրճ Համուտի երբեմնի հմայքէն ու գեղեցկութենէն շատ բան կորսուած է այսօր: Անցեալի բնութիւնը չկայ, սակայն բարեբախտաբար կայ անցեալի ֆոլքլորին մէկ մասը` Նոր Մարաշի ներքին թաղը, որուն Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան կ՛անդրադառնայ պերճ նկարագրականով մը, երբ կը խօսի համեմի վաճառականներու («Ապու Կարօ», «Ներսէս Հալապի», «Քաֆէ Կարօ») եւ… ատենի «մազի միեւնոյն սանտրուածքով, փայլուն, առատ պրիանթին իւղը քսուած, շատ խնամքով սանտրուած» կօշկակարներու մասին:
«Մեր տունը» գլուխներ կը յատկացնէ նաեւ 1971-էն ետք Մարկոսեան ընտանիքին Անթիլիասի մէջ ապրած կեանքին, կիրակնօրեայ ընտանեկան հաւաքներուն եւ այլ իրադարձութիւններու, որոնց ծանօթանալը հետաքրքրական կրնայ ըլլալ շատերու` իբրեւ 1970-ական եւ 1980-ական տարիներու լիբանանահայ ընկերային կեանքի ուսումնասիրելի երեւոյթ եւ հայ մարդուն հոգեկան ու բարոյական արժէքները գնահատելու միջոց:
«Մեր տունը» սովորական գիրք մը չէ: Միայն յուշագրութիւն եւ վկայակագրութիւն չէ: Ան հաւաքական մեր ինքնութիւնը պեղող արժէքաւոր հրատարակութիւն մըն է, լուրջ փորձ մը` թաղէն անդին ներկայացնելու թաղեցին, հայ մարդը` իր ինքնութեամբ եւ դիմագիծով, իր յոյզերով եւ տենչերով, գոյապայքարի մաքառումներով եւ ապագայի տեսլականով: Այս պատճառով ալ կ՛արժէ, որ գիրքը մտնէ իւրաքանչիւր տուն, դառնայ ամէն հայու ընկերակից, վերյիշումի մղում տայ հիներուն, ներշնչումի աղբիւր դառնայ նորերուն: Ու «Սահակ»-ներու եւ «Մարիամ»-ներու օրինակով վերապրեցնէ հայ մարդուն տիպարը եւ հայ ընտանիքին տեսակը` անոր երբեմնի ջերմութիւնն ու աւանդապահութիւնը, ներքին ամրութիւնն ու կապուածութիւնը: Այնպէս մը, որ գիրքը ընթերցող ամէն ընտանիք օրին մէկը կարենայ գոհունակ եւ հպարտ ըսել, որ մե՛նք ալ ունինք մեր տունը, որ արժանի է յիշատակուելու եւ գրասէր հանրութեան ներկայացուելու:



