Ըստ «Սփորթ. Էս» կայքին, ՖԻՖԱ-ն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն դժգոհ են Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի յայտարարութիւններէն:
Լափորթայի խօսքերը, որոնք կը վերաբերէին ակումբներու մոնտիալին վիրաւորած են ՖԻՖԱ-ի ղեկավարութիւնը: Ան քննադատած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի կազմակերպիչները այն բանին համար, որ «Լա լիկա»-ի ախոյեանը չեն հրաւիրած, մինչդեռ աւելի «տկար» ակումբներ մասնակցած են:
Միւս կողմէ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ղեկավարները համաձայն չեն գտնուած Լափորթայի` Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներ կատարելու այլ երկիրներու առաջարկին: Արդէն իսկ Լափորթայի եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի յարաբերութիւնները լարուած մնացած էին, երբ ան որոշած էր Եւրոպայի «Սուփըր լիկ»-ը ստեղծել:
«Սուփըր լիկ»-ի նպատակը յղացած էին Լափորթա (Պարսելոնա), Ֆլորինթինօ Փերես (Ռէալ Մատրիտ), Անտրէա Անիելլի (նախապէս Եուվենթուս), Ճոել Կլէյզըր (Մանչեսթըր Եունայթըտ), Ճոն Հենրի (Լիվըրփուլ) եւ Սթեն Քրէօնքէ (Արսենալ) 2021-ին: Բայց բոլորը ճնշումներէ ետք քաշուեցան այս գաղափարէն, բացի Փերեսէն եւ Լափորթայէն:
Բոլորը դժգոհ էին, թէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն բաւարար եկամուտ չէր տար ակումբներուն եւ ինք էր, որ կը շահէր ակումբներու հաշուոյն:


