Երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց. «Կը թուի, թէ շարունակուող ոլորապտոյտ կը դիմագրաւենք, եւ Իսրայէլ պիտի շարունակէ որոշակի ռմբակոծումներ կատարել, եւ ոչ ոք զայն կը զսպէ»: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր երդման ճառին մէջ խօսեցաւ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մասին, եւ կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ այդ նիւթը ներառեց», ըսաւ ան:
«Մենք քաղաքական գետնի վրայ պառակտուած երկրի մը մէջ ենք: Նախարարաց խորհուրդը զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը տուաւ, եւ որոշումը այժմ կառավարութեան մօտ է: Ուստի ինչո՞ւ քաղաքական քննարկումը սահմանափակենք այս վիճայարոյց նիւթով: Բոլոր խմբակները ներկայացնող այս կառավարութիւնը թող այս վիճայարոյց նիւթով զբաղի եւ զայն լուծէ, եւ քաղաքական քննարկումը անցնի արդիւնաւէտ հարցի շուրջ», յայտնեց երեսփոխանը:
Հութ նշեց, թէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը բանակով կամ ապահովական ուժերով սահմանափակուած չէ, այլ նաեւ կը ներառէ տնտեսութիւնը, կենսոլորտը, սննդեղէնի ու ջուրի անվտանգութիւնը եւ բժշկութիւնը, եւ կը մեկնի տուեալէ մը, թէ իսրայէլացի թշնամին թշնամի է եւ թշնամի պիտի մնայ:
«Այս հարցը փոխանցեցի նախագահ Աունին, որ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւնը պիտի վարէ, եւ կազմած է խումբ մը ու կ՛աշխատի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան գաղափարին վրայ: Ան իրեն տրամադրած իմ ուսումնասիրութիւնս փոխանցեց այդ խումբին, որպէսզի սերտէ, եթէ կարելի է անկէ օգտուիլ», յայտնեց Հութ:
Անդրադառնալով նշեալ ուսումնասիրութեան ընդհանուր գիծերուն` ան ըսաւ. «Օրինակի համար, բանակի մակարդակին վրայ ան կը նշէ, թէ պէտք է դուրս գալ աւանդական բանակի ծիրէն եւ վերածուիլ բռնագրաւող մը դիմակայող բանակի, այսինքն` հրոսակային պատերազմի ձեւով գործել, համացանցային անվտանգութեամբ եւ անօդաչու թռչող սարքերով զբաղիլ, ինչպէս նաեւ զբաղիլ այն ամէնով, որ թշնամիին նեղութիւն կը պատճառէ»: