Հայ թենիսվումըն, աշխարհի թիւ 104 դասուած Էլինա Աւանէսեան «Ինսթակրամ»-ի վրայ հրապարակուած լուրջ յայտարարութեամբ մը յայտնած է, որ հիւանդութեան պատճառով կը դադրեցնէ իր ասպարէզը:
«Բարեւ բոլորին, կը ցանկայի քիչ մը աւելի անձնական հարցով կիսուել ձեզի հետ, որովհետեւ վերջին ամիսները շատ դժուար էին ինծի համար: Մարտին յստակացաւ, թէ «մոնոնիւքլէոս» անունով վիրուս մը ունիմ: Սկիզբը ամբողջովին չէի հասկնար, թէ որքա՛ն կ՛ազդէ անիկա իմ վրաս, բայց շուտով սկսայ անընդհատ յոգնութիւն զգալ, ուժաթափ դառնալ եւ նոյնիսկ ամէնէն պարզ փորձերուն չէի կրնար մասնակցիլ: Յատկապէս դժուար էր ընդունիլ այս, որովհետեւ տարեշրջանի առաջին երկու ամիսները շատ յաջող արդիւնքներ ձեռք կը ձգէի: Ես բարձր մակարդակի թենիս կը խաղայի եւ հիանալի մարզավիճակի մէջ կը զգայի` վայելելով թենիսը: Այս բոլորէն դէպի լիակատար Թուլութիւն եւ անկարող վիճակ շատ գէշ զգացում էր:
«Այնուհետեւ Մայեմիի մէջ սկսայ լուրջ ցաւեր ունենալ դաստակիս շրջանը, եւ այդ ցաւերէն վերականգնումը երկար ժամանակ տեւեց: Հազիւ կ՛ապաքինէի, քայլ մը ետ գացի` այս անգամ ուսի ցաւ: Այդ պահէն սկսեալ կարծես ցաւերս մէկը միւսին կը յաջորդէին: Այս ֆիզիքական խնդիրները շատ դժուար է կառավարել, յատկապէս երբ իմ մարմինս ամբողջութեամբ չի վերականգնիր հիւանդութեան պատճառով: Կը թուի, որ ամէն ինչ սովորականէն աւելի երկար ժամանակ կը պահանջէ բուժուելու համար, գործընթացն ալ աւելի կը բարդանայ:
«Ես ամէն օր կ՛աշխատիմ իմ խմբակիս հետ, ամէն ինչ ընելով, որ ապաքինիմ, ուժերս վերականգնեմ եւ պատրաստուիմ կրկին 100 տոկոսով մրցելու: Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ այս ճանապարհը ինծի փորձեց անսպասելի ձեւերով: Անշուշտ յուսախաբութիւն եւ նոյնիսկ կասկածի պահեր կային, բայց նաեւ շատ բան սորվեցայ… Համբերութիւն, տոկունութիւն, եւ թէ որքա՛ն կը սիրեմ թենիսը:
«Կրկին խաղերուն մասնակցիլը մեծ քայլ էր, բայց մրցիլը առանց ինքզինքս իսկապէս դաշտը զգալով շատ բարդ էր: Ամէնէն շատ իմ մօտս կը պակսէր, իմ բարձրագոյն մակարդակով պայքարելու եւ խաղը վայելելու կարելիութիւնս էր: Ինչպէս գիտեմ` կարող եմ: Այս մէկն է, որ ինծի ամէն օր յառաջ մղելու ուժ կու տայ:
«Սրտանց շնորհակալ եմ բոլորիդ, որոնք կը շարունակեն աջակցիլ ինծի յաջողութիւններու եւ դժուարութիւներու պահերուն: Ձեր բարի խօսքերն ու քաջալերանքը ինծի ուժ կու տան դժուար օրերուն` յիշեցնելով, թէ ինչո՛ւ կը շարունակեմ պայքարիլ:
«Կը հաւատամ, որ պարզապէս փուլ մըն է, եւ անհամբեր կը սպասեմ կրկին դաշտ վերադառնալու` առանց ցաւի, առողջ եւ նախկինէն աւելի ուժեղ», գրած է Աւանէսեան:
Նշենք, որ այսպիսի հիւանդութիւն 2-էն 4 շաբաթէն պէտք է բուժուի, սակայն յոգնութիւնը կրնայ մնալ աւելի երկար: Լուրջ բարդութիւններ հազուադէպ են, բայց կրնան ներառել փայծաղի պատռուածք կամ լեարդի խնդիրներ:


