14 սեպտեմբերին Հայաստանի պատմական յառաջապահ Համլեթ Մխիթարեան 63 տարեկան կը դառնար:
Այս առիթով Փիւնիկ խումբը համացանցի վրայ հրապարակած է անոր նկարը` անոր կցելով «ֆութպոլիստ, կոլ-սքորըր, անհատականութիւն, հայր» գրութիւնը:
Համլեթի զաւակը` Հենրիխ Մխիթարեան, իր կարգին Փիւնիկի հրապարակած գրութիւնը իր էջին մէջ վերահրապարակած է` նշելով իր հօրը յիշատակը:
Համլեթ Մխիթարեան 1980-ին միացած էր Երեւանի Արարատին: Այդ ժամանակ ակումբին մէջ արդէն գրեթէ չկային մարզիկները 1970-ականներու, երբ Արարատ դարձած էր 1973-ի Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ այլ յաջողութիւններ ձեռք ձգած:
Այնուհետեւ Մխիթարեան դարձաւ հիմնական կազմի առանցքային խաղցող եւ յառաջապահ գիծի յառաջատարներէն մէկը: 1984-ին Խորհրդային Միութեան ախոյեանութեան ան 18 կոլ նշանակած է` 1 կոլ զիջելով Սերկէյ Անտրէեւին, որ գրաւած էր կոլսքորըրներու պարագլուխի դիրքը: Նոյն տարին ռուսական ամսագիր մը իրեն շնորհած էր «յարձակման ասպետ» մրցանակը, որ կը տրուէր այն մարզիկներուն, որոնք 3 կամ աւելի կոլեր կը նշանակէին մէկէ աւելի մրցումներու ընթացքին: Մխիթարեան այդ տարեշրջանին երեք անգամ հեթ-թրիք իրագործած էր եւ մէկ մրցումի 4 կոլ նշանակած:
1988-ին Մխիթարեան տեղափոխուած է Աբովեանի Կոտայք ակումբը, ուր մէկուկէս տարեշրջան բոլորած է: 1989-ի յուլիսին ան մեկնած է Ֆրանսա` խաղալու Վալանս ակումբին հետ: Ան դարձած է Հայաստանի առաջին ֆութպոլիստներէն մէկը, որ «արեւմտեան Եւրոպա» մեկնած է:
Այս տեղափոխութիւնը իրականացուցած է ֆրանսաբնակ Աբրամ Հայրապետեան, որ կը կազմակերպէր Խորհրդային Միութեան ֆութպոլիստներու ելոյթները` Եւրոպայի մէջ: Մխիթարեանի կոլերուն շնորհիւ Վալանս Գ. դասակարգէն կրցած է բարձրանալ Բ. դասակարգ:
Աւելի ուշ (1994-ին), ան 6 ամիս խաղցած է «Արարատ Իսի Մուլինօ» խումբին հետ: Դժբախտաբար ասպարէզը չկրցաւ շարունակել եւ 32 տարեկանին հեռացաւ, մանաւանդ երբ ուղեղային քաղցկեղ ունեցաւ: Մէկ տարուան ընթացքին երեք վիրաբուժութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց առողջական փոփոխութիւն չարձանագրուեցաւ: Ան վերադարձաւ հայրենիք, ուր նախընտրեց մահանալ իր տան մէջ, 33 տարեկանին (6 մայիս 1996-ին):


