Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ դիւանագիտական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ֆրանսացի պատուիրակ Լը Տրիանի այցելութիւնը սահմանափակ արդիւնքներու յանգեցաւ, հակառակ շարունակուող լիբանանեան ճգնաժամի պարունակին մէջ անոր ունեցած նշանակութեան»:

. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանի շուրջ սէուտ-ամերիկեան հաղորդակցութիւնը, ամերիկեան կողմի սուրիական թղթածրարին վրայ կեդրոնանալուն լոյսին տակ, որոշ ատենէ ի վեր դադրած է, եւ երկու կողմերուն միջեւ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանի խոչընդոտը իր անխուսափելի ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բանակի ամբողջ ծրագիրին վրայ, եւ Հըզպալլան Լիթանիէն հարաւ շրջանէն դուրս զինաթափուելու հարցին մէջ հանդուրժողականութիւն պիտի չցուցաբերէ, մինչ Իսրայէլ լիբանանեան սահմանային գօտի կը ստեղծէ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ սիւննի աղբիւրներ «Մուտուն»-ին.«Ֆայսալ Քարամէի Ռիատի հետ կապը բաղդատմամբ նախկին իրավիճակին իւրայատուկ դարձաւ, սակայն այդ յարաբերութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ գործնական արտայայտութիւնը տակաւին չէ վճռուած, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ տեսանկիւնէն դիտուած Ռիատը տակաւին սիւննի նոր ղեկավարի ստեղծման պատրաստութեամբ չի զբաղիր»:

. ՖԱՅՍԱԼ Քարամէի շրջանակները «Մուտուն»-ին.«Սիւննի հասարակութիւնը երբեք ալ սիւննիական մենաշնորհ չէ ունեցած: Համայնքը այս կամ այն անձը չէ, այլ համապարփակ համայնք է»:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»` օրաթերթը կը գրէ. «Իրաքի մէջ Հըզպալլայի փաղանգներուն կողմէ կալանաւորուած իսրայէլացի-ռուս Էլիզապեթ Ցուրքովի ազատ արձակումը լիբանանեան իշխանութիւններն ու Հըզպալլան անակնկալի մատնեց` լիբանանցի նաւապետ Իմատ Ամհազի եւ լիբանանցի մնացեալ գերիներու ճակատագիրին շուրջ որեւէ տեղեկութեան բացակայութեան պատճառով»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Հոք 3» նաւուն դէպքը կը բացայայտէ թրքական ծածկոյթի տակ ռուսական աժան քարիւղ մաքսանենգելու նպատակով ելեւմտական-մաքսատնային զեղծարարութեան հաւանական ցանցի մը գոյութիւնը եւ հսկողութեան ազդուութեան շուրջ լուրջ հարցականներ կը յառաջացնէ»:

. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Արդարադատական յառաջիկայ տարին նախորդներէն շատ տարբեր պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի բացուին բոլոր թղթածրարները, մասնաւորաբար մոռցուած թղթածրարները, եւ պիտի սկսի նոր փուլ մը, որ հիմնուած է փտածութեան դէմ պայքարին վրայ»:

. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթի Համասի եւ Իսլամական Ժիհատի զէնքերուն հարցին վերաբերեալ տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանեւպաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի եւ Համաս շարժումի ներկայացուցիչներուն միջեւ ժողովները կը շարունակուին եւ դրական են: Ժողովներուն ընթացքին Համաս յայտնած է, թէ լիբանանեան օրէնքին ենթակայ է եւ ծանր զէնքեր չունի»:

. ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի մէջ ընդհանուր դատախազութիւնը նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի դէմ ապօրինի հարստացման շուրջ բողոքի հարցով հետաքննութեան ձեռնարկած է:

 

 

Նախորդը

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 5 Կոլ Նշանակեց Համպուրկի Բերդին Մէջ

Յաջորդը

Սամի Ժեմայել. «Լիբանանցիները Անխուսափելիօրէն Նոր Լիբանանի Ծնունդին Հետ Ժամադրուած Են»

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?