Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախկին երեսփոխան Թալալ Արսլան Խալտէի իր նստավայրին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար շրջանի ներկայացուցիչ Ապտելսալամ Ահմատն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ քաղաքական եւ ապահովական վերջին զարգացումներուն:
Ահմատ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտիի ողջոյնները փոխանցեց` նշելով «քիւրտերու եւ տիւրզիներու միջեւ պատմական ամուր յարաբերութիւնները»:
Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը «մասնաւորաբար Սուէյտայի եւ ընդհանրապէս սուրիացի ժողովուրդի կողքին են»:
Արսլան գնահատեց հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար շրջանի դերակատարութիւնը «եւ Սուէյտա նահանգին մէջ մեր ժողովուրդին կողքին կանգնիլը»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «ձեր կողմէ ուղարկուած բոլոր նուիրատուութիւններուն եւ օժանդակութիւններուն համար»:


