Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լեռ` Ապրիլ Կամ Մահանալ, Բայց Ոչ` Հպատակիլ

September 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան մթին օրերուն, երբ  բնաջնջում կը սպառնար հայ ժողովուրդին, յուսոյ լոյս մը ճառագայթեց Մուսա Լերան  կատարներուն վրայ: Մուսա Լերան հերոսամարտը հայ ազգային ազատագրական պայքարի  փառապանծ էջերէն մէկն է:

Մուսա Լեռը կը գտնուի Կիլիկիոյ` Տաւրոսի  Ամանոս լեռնաշղթայի հարաւարեւմտեան  փէշերուն: Անոր լանջերուն սփռուած են Սուէտիոյ հայկական վեց գիւղերը: Գիւղախումբին աւելի քան վեց հազար բնակիչները կը զբաղէին  հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ այլ արհեստներով:

19-րդ դարուն Հնչակեան կուսակցութիւնը, Վերակազմեալ հնչակեանները, իսկ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան ՀՅ  Դաշնակցութիւնը արագ տարծում գտան   երիտասարդ մուսալեռցիներուն մէջ:

1915-ի գարնան երիտթուրքերը սկսան  Արեւմտահայաստանի հայ բնակչութեան տեղահանութեան եւ բնաջնջումին:

Մուսա Լերան բնակչութիւնը անմաս չմնաց   օսմանեան զօրահաւաքէն` թրքական բանակին  տալով հայ կտրիճներ: Զինուորական  ծառայութեան միջոցին անոնք տաժանելի  չարչարանքներու ենթարկուեցան թուրք զինուորներուն կողմէ: Այդ բոլորը կը հանդուրժեն այն հաւատքով, որ իրենց  ընտանիքները պիտի խնայուէին կոտորածէն: Հասնելով Հալէպ` անոնք ականատես կը դառնան հայ տարագիրներու տառապանքներուն: Մուսալեռցի զինուորներուն համար զարհուրելի էր տեսնել այդ վայրագութիւնները: Անոնցմէ քիչեր կը յաջողին վերադառնալ Մուսա Լեռ եւ ականատեսի աչքերով պատմել իրենց տեսածները:

Այդ օրերուն բռնագաղթէն իր ծննդավայրը` Մուսա Լեռ կը հասնի Զէյթունի աւետարանական  եկեղեցւոյ քարոզիչ Տիգրան Անդրէասեանը (Ինքնապաշտպանութեան կեդրոնական մարմինի  ղեկավարը): Ան զէյթունցիներուն կը պատմէ դժոխային կացութիւնը եւ կը յորդորէ չընդունիլ   բռնագաղթի դաժան վերջնագիրը, միաւորուիլ եւ   բարձրանալ Մուսա Լերան գագաթը, զէնքի դիմել եւ պատուով  մահանալ: Անմիջապէս կը կազմուի  ռազմական խորհուրդ:

28 յուլիս 1915-ին կը հասնի հեռանալու վերջնագիրը:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով յայտնեմ, որ  պատուելի Տիգրան Անդրէասեանի կողքին, Մուսա Լերան հերոսամարտը ունեցաւ իր փայլուն դէմքերը, ինչպէս` Մովսէս Տէր Գալուստեանը (Ինքնապաշտպանութեան  մարմինի անդամ եւ  ռազմական խորհուրդի  ղեկավար), հերոս մարտիկներ` Յաբեթ Իսկենտերեանը, Եսայի Եաղուպեան, Պետրոս Տմլաքեան, Պետրոս Տուտագլեան եւ ուրիշներ:

Գիւղի քահանայ Աբրահամ Տէր Գալուստեանի բնակարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Մուսա Լերան վեց  գիւղերուն ներկայացուցիչներուն  հանդիպումը: Անոնք կ՛որոշեն դիմել ինքնապաշտպանութեան: Շուտով կը հասնի  Անտիոքի կառավարիչին տեղահանութեան հրահանգը: Մուսա Լերան բնակչութիւնը կը սկսի բարձրանալ լեռ եւ պատրաստել պաշտպանութեան դիրքերը: Թուրքերը նենգաբար ներում կը խոստանան  համակերպող հայերուն: Ոմանց համար փրկութիւնը միայն հպատակութեան մէջ էր: Անոնք ինկան թրքական թակարդը…

Այսպէս սկսաւ  Մուսա Լերան,  Սուէտիոյ  ժողովուրդին քառասնօրեայ հերոսամարտը:  Համեստ պաշարով, վեց հարիւր որսի զէնքերով, քանի մը հարիւր սովորական հրացաններով մուսալեռցիները դէմ դրին տասնապատիկ անգամ հզօր թրքական  բանակին: Թշնամին երեք լուրջ յարձակումներ կը գործէ Մուսա Լերան վրայ: Երեք անգամ կը նահանջէ` հանդիպելով մուսալեռցիներու բացառիկ հերոսութեան: Թշնամին, աւելի մեծ ուժեր կեդրոնացնելով, քանիցս կը փորձէ գրաւել հայկական դիրքերը: Հայ մարտիկները դուրս կը շպրտեն թշնամին:

Երրորդ ճակատումէն ետք թշնամին կը   համոզուի, որ միայն պաշարելով, սնունդի եւ  ռազմամթերքի սակաւութեամբ պիտի փշրէ   Մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը: Մուսալեռցիք անսասան մնացին թրքական  բանակին դէմ:

Անոնց փրկութեան միակ յոյսը Միջերկրական  ծովն էր, որուն բացերուն կ՛երեւէին  ֆրանսական ռազմանաւեր: Մուսա Լերան բարձր  գագաթներուն վրայ անոնք երկու մեծ դրօշներ կանգնեցուցին, մէկուն վրայ ասեղնագործուած էր կարմիր խաչ, միւսին վրայ գրուած  էր` «Քրիստոնեաները վտանգի մէջ են»:

Մուսալեռցիները դաշնակիցներու հետ  հաղորդակցութեան մտնելու փորձեր կատարեցին: Անոնք աղերսագիր ղրկեցին Հալէպ  եւ Իսկենտերունի շրջանը` այն ակնկալութեամբ, որ մարտանաւերու հանդիպելով կը յանձնեն աղերսագիրը:

Քաջարի մուսալեռցիները իրենց յոյսը դրած էին ծովէն ակնկալուած օգնութեան վրայ: 2 սեպտեմբերին ծովուն վրայ յայտնուեցաւ մարտանաւ մը: Մուսալեռցիները թափահարեցին սպիտակ դրօշներ, խարոյկներ վարեցին: Նաւը անտարբեր  հեռացաւ… 5  սեպտեմբերին այլ մարտանաւ մը  յայտնուեցաւ ծովուն վրայ եւ սկսաւ մօտենալ ափին, խարիսխ նետեց: Այդ ֆրանսական «Կիշէն» մարտանաւն էր:

Հերոսամարտին 41-րդ օրը, 13 սեպտեմբեր 1915-ին, ֆրանսական հինգ  ռազմանաւեր 4058 հայ վերցնելով` նախ ուղղուեցան Կիպրոս: Վերջինս ի վիճակի չէր ընդունելու հայ տարագիրները: Ստիպուած` անոնք ուղղուեցան Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստը:

Մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին աւարտը, մուսալեռցիները վրաններու տակ ապրեցան Փոր Սայիտի մէջ: Անոնցմէ շատեր մաս կազմեցին Հայկական լեգէոնին: Անոնց մեծ  մասը 1919-ին վերադարձան իրենց հայրենի  ոստանները, ուր մնացին մինչեւ 1939, երբ Անտիոքի հոգատարութիւնը ստանձնած  Ֆրանսան այդ տարածքները յանձնեց թրքական իշխանութիւններուն:

Մուսալեռցիները զրկուեցան իրենց հայրենական  օճախէն: Անոնց մեծ մասը հաստատուեցաւ Այնճար, Լիբանան:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1946- 1947, մուսալեռցիներէն եօթը հարիւր ընտանիք հայրենադարձուելով` հաստատուեցան    Էջմիածինի եւ Հոկտեմբերեանի (այժմ` Արմաւիր) շրջանները: Մուսալեռցիներու հերոսական պայքարին նուիրուած է աւստրիացի հանրածանօթ գրող Ֆրանց Վերֆելի անմահանուն «Մուսա Լերան 40 օրերը» վէպը: Այս վէպը  թարգմանուած է աւելի քան երեսուն լեզուներով: Երեւանէն էջմիածին տանող ճանապարհին կը խոյանայ Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձան-կոթողը, ուր իւրաքանչիւր տարուան սեպտեմբեր ամսուան վերջին կիրակին աշխարհի տարբեր ափերէն կը  համախմբուին մուսալեռցիներուն ժառանգորդները եւ կը նշեն հերոսամարտին օրը:

Մուսա Լերան հայկական գիւղերէն միայն Վագըֆի   հայերը տակաւին կ՛ապրին իրենց ծննդավայրին մէջ` պահպանելով իրենց աւանդութիւնները:

Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութիւնը, Սասնոյ,  Վանի, Հաճնոյ, Այնթէպի հերոսամարտերուն նման`  կը խորհրդանշէ ցեղասպանին դէմ  դիմադրելու հայ ժողովուրդին ազգային նկարագիրին խոյանքը:

Մուսա Լերան հերոսամարտը  ներշնչած է  տարբեր ժողովուրդներ: Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին իտալօ-գերմանական   բանակներուն դէմ մարտնչող Սլովենիոյ  ազատամարտիկները, պաշարուելով Ռոկ լերան  բարձունքներուն վրայ, վճռած են` «Հայրենիքի   համար կռուիլ այնպէս, ինչպէս կռուած են  Մուսա Լերան հայերը»: Այդ օրերէն ի վեր Ռոկ լեռը կը կոչուի Սլովենիոյ Մուսա Լեռը:

Հերոսամարտը միաժամանակ նաեւ դիպուկ ապացոյց մըն է, որ հայ ժողովուրդին մէջ երբեք չէ մարած ինքնապաշտպանութեան ոգին: Այստեղ ո՛չ միայն սուրը կամ հրացանը խօսեցաւ, այլ` հայ ժողովուրդին միասնականութեան ուժը: Հետեւաբար Մուսա Լերան հերոսամարտը  միայն ռազմական դէպք մը չէ, այլ քաղաքական ու բարոյական պատգամ մը` ուղղուած դարերուն:

Այսօր, իբրեւ ժառանգորդներ Մուսա Լերան  հերոսներուն, պէտք է մենք մեզ հարց տանք`  ունի՞նք արդեօք նոյն  ոգին, երբ նոր վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուի մեր ժողովուրդը:

Հաւաքական կամքը եւ միասնութիւնը կրնան  կասեցնել ամենադաժան թշնամին: Սերունդները`  իբրեւ կեանքի դպրոց, պէտք է յիշեն եւ փոխանցեն Մուսա Լերան հերոսապատումը:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. «Խաղաղութեան» Համաձայնագրի Որոշ Խութեր (Բ)

Յաջորդը

Հատտէճեան Ռոպերի Կենսագրական Եւ Մատենագիտութիւն (1926-2025)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.