. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը` քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ռիատէն Պէյրութ եկող ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան իրեն հետ կը բերէ յստակ օրակարգ մը, որ լիբանանեան թղթածրարին նկատմամբ ֆրանսական յառաջադէմ մօտեցումի արտացոլացում է»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Մէկ կողմէն Աունի ու Պըրրիի միջեւ, եւ միւս կողմէ Սալամի հետ հանդիպումներուն ճամբով նախագահական եռեակին միջեւ խորհրդակցութեան ու համակարգումի եռանդի վերականգնումը ցուցանիշ է, որ զէնքի յանձնման թղթածրարի շուրջ տարակարծութիւններու էջը փակուած է»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ` «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսուի, որ սուրիական պատուիրակութիւն մը Պէյրութի մէջ գումարուելիք յաջորդ ժողովին ընթացքին ներկայացնէ անուանացանկը այն բանտարկեալներուն, որոնց ստանձնումը կը պահանջէ Դամասկոս»:
. ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց. «Պապին այցելութիւնը պիտի հաստատէ մարոնիներու պատրիարքին գերիշխանական ու հայրենասիրական դիրքորոշումները, որոնց ընդմէջէն ան կոչ կ՛ուղղէ` կայունութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու եւ Լիբանանը առանցքներու հակամարտութիւններէն զանց կացուցելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին. «Վարչապետ \Սալամ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէն յորդորեց կապ հաստատել Համասի եւ մնացեալ խմբաւորումներուն հետ` զանոնք զէնքի յանձնման հոլովոյթին մասնակից դարձնելու համար: Կը սպասուի, որ Տիմաշքիէն պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներու հետ ընդլայնուած ժողով մը գումարէ` անոնց հետ զէնքի յանձնման հարցին շուրջ համակարգում կատարելու համար»: