Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ իրաքեան Հըզպալլայի փաղանգները ազատ արձակած են Փրինսթըն համալսարանի ուսանող, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիի մը քոյրը` Էլիզապեթ Ցուրքովը:
«Էլիզապէթ Ցուրքովը ամիսներ չարչարանքի ենթարկուելէն ետք այժմ ապահով է Իրաքի ամերիկեան դեսպանատան մէջ», աւելցուց Թրամփ:
Իրաքի վարչապետ Մուհամետ Շայահ Սուտանի իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով` յայտարարեց. «Մեր ապահովական ծառայութիւններուն երկար ամիսներու մեծ ջանքերէն ետք կը յայտարարենք Ռուսիոյ քաղաքացի Էլիզապեթ Ցուրքովի ազատ արձակումը»:
Իրանամէտ Հըզպալլայի փաղանգներ խմբաւորումէն աղբիւր մը երեքշաբթի գիշեր ԱՖՓ-ին յայտնեց, թէ իսրայէլացի-ռուս հետազօտողի ազատ արձակումը տեղի ունեցաւ «Իրաքը որեւէ հակամարտութենէ զերծ պահելու» պայմանով:
Խմբաւորումը անոր առեւանգման պատասխանատուութիւնը չստանձնեց, սակայն աղբիւրը նշեց. «Տեղի ունեցածը ազատ արձակում է, եւ ոչ թէ ազատագրում: Զինք ազատագրելու որեւէ զինուորական գործողութիւն չեղաւ, այլ ան ազատ արձակուեցաւ պայմաններով, որոնց գլխաւորը ամերիկեան ուժերու առանց կռիւի հեռացման ճամբան հարթելն ու Իրաքը որեւէ հակամարտութենէ եւ կռիւէ զերծ պահելն է»:
Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի Ցուրքով դեկտեմբեր 2022-ին հասած էր Պաղտատ` Միջին Արեւելքի հարցերու շուրջ հետազօտութիւն կատարելու համար, եւ մարտ 2023-ի վերջաւորութեան անհետացած, Քարատա թաղամասի շրջանի ճաշարաններէն մէկէն դուրս եկած ատեն: Որեւէ կողմ անոր առեւանգման պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած:
Օրին Իսրայէլ իրաքեան Հըզպալլայի փաղանգներ խմբաւորումը ամբաստանած էր, սակայն խմբաւորումը կտրուկ կերպով մերժած էր ամբաստանութիւնը: