Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Թասս-ի Փաքիստանը Պիտի Ճանչնայ Հայաստանը` ԵԱՏՄ-ի Մէջ «Կանաչ Լոյս» Ստանալով. Երեւան Կ՛արձագանգէ

September 10, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաքիստան մտադիր է ճանչնալ Հայաստանը` իբրեւ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւն, որուն համար պիտի ստանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միանալու «կանաչ լոյս»: Այս մասին կը հաղորդեն ԹԱՍՍ-ի աղբիւրները:

«Փաքիստանը իսկապէս կը ծրագրէ այդ մէկը ընել, եւ իբրեւ փոխադարձ քայլ` համաձայնութեան հասնիլ ԵԱՏՄ-ին միանալու հարցի շուրջ», ըսած է ՄԱԿ-ի մէջ ռուսական լրատու գործակալութեան զրուցակիցներէն մէկը:

Դիւանագիտական այլ աղբիւր մը նշած է, թէ համապատասխան ընթացակարգերը կրնան տեւել քանի մը շաբաթէն մինչեւ քանի մը ամիս:

«Ամէն պարագայի, ասիկա կանխատեսելի հեռանկար է», աւելցուցած է աղբիւրը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած խաղաղութեան պայմանագիրը այս հարցին մէջ որեւէ խոչընդոտ չէ ձգած:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ ռուսական կողմը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ հաղորդակցութիւններու վերսկսումը` զայն որակելով «դէպի յառաջ քայլ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Անի Բադալեան «Թերթ»-ին յայտնեց. «Անտեղեակ աղբիւրներուն կը տեղեկացնենք, որ Հայաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ արդէն իսկ հաստատուած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքներուն համահունչ»:

«Համապատասխանաբար, օրակարգի վրայ «ՄԱԿ-ի մէջ ճանաչում»-ի խնդիր բնականաբար չկայ: Մեր կողմէն հաղորդագրութեամբ արդէն տեղեկացուցած ենք, որ երկու երկիրները` զարգացնելով երկկողմ համագործակցութիւն, պիտի քննարկեն նաեւ բազմակողմ հարթակներուն վրայ գործակցութեան առնչուող հարցեր, ըլլայ այդ Շանկհայի կազմակերպութեան, թէ ԵԱՏՄ-ի կամ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ կառոյց», նշած է Բադալեան:

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Հայաստան – Իրան – Հնդկաստան Եռակողմանի Հանդիպումի Մը Ընթացքին Քննարկուած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.