Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան – Իրան – Հնդկաստան Եռակողմանի Հանդիպումի Մը Ընթացքին Քննարկուած Է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախագիծը

Սեպտեմբեր 10, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներու շրջանային վարչութիւններու ղեկավարներու մակարդակով երրորդ եռակողմանի հանդիպումը:

Իրանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ հարցերով ընդհանուր տնօրէն Մուհամետ Ռեզա Պահրամին, հնդկական պատուիրակութիւնը` Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Իրանի տարածքային ընդհանուր վարչութեան պետ Անանտ Փրաքաշը, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ խաղաղովկիանոսեան երկիրներու վարչութեան պետ Անահիտ Կարապետեանը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են եռակողմանի հանդիպման կանոնաւոր եւ տարեկան կայացման վերաբերեալ: Ամփոփուած է ապրիլ 2023 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին եւ դեկտեմբեր 2024 – Նիւ Տելհիի մէջ կայացած երկրորդ հանդիպումի ընթացքին որդեգրուած որոշումներու արդիւնքներով արձանագրուած յառաջընթացը:

Կողմերը նաեւ ընդգծած են նշեալ հանդիպումներուն արդիւնքներով սահմանուած նպատակներու իրականացման կարեւորութիւնը` փոխադարձ շահերը երաշխաւորելու եւ շրջանին մէջ բարգաւաճումն ու բարեկեցութիւնը խթանելու նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը ընդգծած են համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը` մասնաւորաբար հաղորդակցութիւններու, Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի ծիրին մէջ` այդ նպատակով օգտագործելով Չապահարի նաւահանգիստի ռազմավարական դիրքը:

Կողմերը նաեւ քննարկած ու կարեւորած են տնտեսական, առեւտրական, մշակութային, ժողովուրդներու միջեւ կապերու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները:

Նախորդը

Ըստ Թասս-ի Փաքիստանը Պիտի Ճանչնայ Հայաստանը` ԵԱՏՄ-ի Մէջ «Կանաչ Լոյս» Ստանալով. Երեւան Կ՛արձագանգէ

Յաջորդը

Ռուբինեան Հայաստան – Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթի Մասին Մանրամասնութիւններ Ներկայացուց Ժալալզատէին

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ
Գլխաւոր լուրեր

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Թրամփի Յանձնառութիւնը Արցախի Նկատմամբ

Հոկտեմբեր 7, 2025
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ
Գլխաւոր լուրեր

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?