Գիւղատնտեսական գիտահետազօտական մարմինի վարչական խորհուրդի պետ եւ ընդհանուր տնօրէն Միշել Աֆրամ նշեց. «Երաշտի ճգնաժամը այսօրուընէ մինչեւ մէկ ամիս պիտի վատթարանայ, որովհետեւ 15 հոկտեմբերէն առաջ անձրեւներ չեն նախատեսուիր, ուստի ջուրի սակաւութիւն պիտի ըլլայ, ըլլայ այդ մակերեսային կամ ստորգետնեայ ջուրերու պարագային»:
«Ուստի, ներկայիս երկրագործութիւնը կը դիմագրաւէ երաշտի վտանգը: Ըմպելի ջուրը եւս աննախադէպ կերպով մեծ նուազման վտանգ կը դիմագրաւէ», աւելցուց ան:
Աֆրամ կոչ ուղղեց ըմպելի ջուրի մատակարարման մէջ կարծր խնայողութիւն կատարելու եւ ցանքի ոռոգման մէջ արդիական ճարտարագիտութիւն օգտագործելու:
Ան ըսաւ, որ բազմաթիւ շրջաններ ըմպելի ջուրի սակաւութենէ կը տառապին, որովհետեւ տակաւին մնացող մակերեսային ու ստորգետնեայ ջուրերը, որոնց մեծապէս նուազած են, կոյուղիի եւ ճահճացած ջուրերով աղտոտած են, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ անօգտագործելի:
«Նախարարաց խորհուրդը պէտք է ջրային հարցերու արտակարգ վիճակ յայտարարէ` նկատի ունենալով ջուրի մեծ սակաւութիւնը», շեշտեց Աֆրամ: