Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամաա Իսլամիա. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ծրագիրը Պիտի Տապալենք, Ինչպէս «17 Մայիս»-ը Տապալեցինք»

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ժամաա Իսլամիան յայտարարեց. «Յառաջատար դիրքի վրայ պիտի ըլլանք դիմակայման մէջ (Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու) բնականոնացման ծրագիրին, որուն ուրուագիծը սկսաւ հորիզոնին վրայ երեւիլ»:

Կազմակերպութիւնը նշեց, որ ինքզինք պատրաստած է տապալելու այդ ծրագիրը, ինչպէս տապալած է 17 մայիս 1983-ին կնքուած համաձայնութիւնը, որ փողոցի եւ ազգային ուժերու մերժումին դիմաց չտոկաց:

Այս դիրքորոշումը արտայայտուեցաւ Ժամաա Իսլամիայի Թրիփոլիի մէջ Կազայի զօրակցութեան համար կազմակերպուած բազմամարդ հաւաքին ժամանակ, որուն ընթացքին կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Ազզամ Այուպի յայտնեց. «Գոյութիւն ունին ջանքեր ու դաւադրութիւններ, որոնց նպատակը իսլամ ժողովուրդը ճնշելն է, որպէսզի ան մերկանայ դիմադրութեան եւ թշնամիին հետ դիմակայման հագուստէն»:

«Վարկաբեկումի եւ ամօթի համաձայնութիւններուն արդիւնքը ի՞նչ էր», հարց տուաւ ան:

Այուպի քաղաքական ղեկավարներուն, նախ եւ առաջ լիբանանեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` նստելու ազգային երկխօսութեան սեղան` քննարկելու համար Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` «շինծու պատրուակներով» Դիմադրութեան զինաթափումի առաջարկներով զբաղելու փոխարէն:

«Այս զէնքը Հըզպալլայի զէնքը կը նկատուի, սակայն չկայ երաշխիք, որ պետութիւնը ուժեղ ներկայութիւն պիտի ըլլայ, եթէ թշնամին մեր հողը ներխուժէ», ըսաւ ան` շեշտելով. «Թշնամին եւ անոր ետին կանգնող ամերիկեան վարչակարգը չեն ուզեր, որ Լիբանանն ու անոր բանակը հզօր ըլլան»` յիշեցնելով իսրայէլացի ղեկավարներու այն յայտարարութիւնները, թէ լիբանանեան բանակը պէտք է ոչնչացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր գտած զէնքերը:

«Թշնամին զիջումներէ չի վախնար, այլ զէնք կրող այր մարդոցմէ», նշեց ան:

Այուպի լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց ձեռնարկելու լուրջ երկխօսութեան մը, որ կը միաւորէ տարբեր համայնքները եւ կ՛առաջնորդէ գոյացնելու զինուորական ազգային հասարակաց ուժ մը, որ կ՛օգտուի Իսրայէլի դիմակայման մէջ Լիբանանի ռազմավարական կարողութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Աֆրամ. «Ջուրի Սակաւութիւնը Մինչեւ Հոկտեմբերի Կէս Պիտի Վատթարանայ, Կացութիւնը Կը Սպառնայ Երկրագործութեան Եւ Ըմպելի Ջուրի Ապահովման»

Յաջորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Դիմադրութիւնը Ձախողութեան Մատնեց Լիբանանի Մէջ Արեւմուտքի Ծրագիրը, Եւ Կառավարութիւնը Իր Սխալ Որոշումէն Ետդարձ Կատարեց»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?