Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր խօսքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին ուղղեց` ըսելով. «Նահատակութիւնը յարութիւն է, հաւատարմութիւնը` մարգարէներու սրբութիւն, իսկ պատմութեան խեղաթիւրումը` դատարկախօսութիւն: Մեր ժողովուրդէն, երկրէն, հարազատներէն ու հայրենիքի պաշտպանութենէն բաժնուողներ չենք: Ունինք իմամ Մուսա Սատըր, Նեպիհ Պըրրի եւ Հասան Նասրալլա»:
«Շիիները պիտի ըլլան միայն ազգային գործընկերութեան եւ գերիշխանական ճակատներու վրայ: Այս ճակատները Լիբանանին վերատիրացան, երբ ոմանք զայն սիոնականներուն յանձնեցին: Զէնքն ու Դիմադրութիւնը այս հայրենիքին սեփականութիւնն են, այս ժողովուրդին սեփականութիւնն են, անոր ազգային անվտանգութեան քարտէսի սեփականութիւնն են: Անիկա զէնք է, որ Լիբանանին վերատիրացաւ, երբ դուն միւս ծրագիրին մէջ էիր: Շիիները անմասն են նման սիոնական ծրագիրէն, ինքնութեան հիմամբ սպանութենէն եւ այս երկրին կառոյցն ու համայնքներու ոգին հարուածած ամէն տեսակի ահաւոր աւերներէն: Ջարդերն ու դիակները տակաւին պատմական վկաներն են, թէ ո՛վ սադրանքի դիմեց եւ անոր կարմիր արդիւնքէն խմեց», ըսաւ ան:
«Քեզի կ՛ըսեմ` գերիշխանութիւնը ունի ճակատներ, եւ դուն անոնցմէ մէկուն վրայ չես: Շիիներն ու ազգային զոհաբերութիւնը մէկ պատմութիւն են: Շիիներն ու ազգային համակեցութիւն մը մէկ դիրք են: Շիիներն ու քրիստոնեաները մէկ երկիր ու մէկ սիրտ են, սակայն դուն անոնցմէ չես, որովհետեւ ազգային քաւութիւնը ունի պայմաններ, որոնք չկատարեցիր», նշեց շէյխ Քապալան:
«Զգուշացի՛ր հայհոյութեան խաղէն, որովհետեւ ժողովուրդ մըն ենք, որ պարտութիւնը չենք ընդունիր եւ դժուարութեան առջեւ չենք ընկրկիր», յայտնեց Ժաաֆարականներու միւֆթին: