Քարլոս Ալքարաս 2022-ին շահելէ ետք «Եու. Էս. Օփըն»-ը դարձած էր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն 19 տարեկանին:
Կիրակի գիշեր ան անգամ մը եւս շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըրը (6-2, 3-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով): Ան թիւ 1 դիրքը գրաւեց` կէտերով անցնելէ ետք անոր:
Վերջին 15 տարիներուն ոսկի եռեակ կար` Ռոժէ Ֆետերեր, Ռաֆայէլ Նատալ եւ Նովաք Ճոքովիչ, որոնք տարիներով տղոց թենիսի տիտղոսները բաժնուած էին…
Այժմ նոր սերունդը ունի Ալքարաս – Սինըր զոյգը, որ ըստ երեւոյթին տարիներով կրնայ մնալ բարձունքի վրայ` առիթ ունենալով նոր մրցանիշներ կերտելու:
Երեք յաջորդական կրան շլեմի մրցաշարքերու աւարտականներուն մրցելով` այս զոյգը մրցանիշ հաստատեց նոյն տարին իրար դէմ մրցելով:
«Քեզի ընտանիքէս աւելի կը տեսնեմ… Իւրայատուկ զգացում է բաժնեկցիլ դաշտին մէջ, հանդերձարանը եւ ամէն տեղ», ըսաւ Ալքարաս կատակով` Սինըրին:
2 ժամ 42 վայրկեան մրցումէն ետք սպանացի թենիսմենը 10-5 արդիւնքով կը գերազանցէ 24 տարեկան իր մրցակիցը ճակատումներու հաշուով եւ 6-4 կրան շլեմի ճակատումներուն:
«Կը շնորհաւորեմ զինք, որովհետեւ ինձմէ աւելի կրցաւ դիմակալել ճնշումը, ան իր մակարդակը բարձրացուց, երբ որ պէտք եղաւ: Ինձմէ լաւ էիր, իմ լաւագոյնս կատարեցի այսօր… Ասկէ աւելի չէի կրնար», ըսաւ Սինըր:
«Իրաւունք ունի… Ամբողջական խաղ կատարեցի… Եթէ պիտի յաղթէս Եանիքին, պէտք է ամբողջական եւ անսխալ ըլլաս», աւելցուց Քարլոս: