Վերջերս տեղի ունեցաւ թենիսի խմբային պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսացի հայ թենիսմեն Սամուէլ Տաքեսեան, որ մաս կը կազմէր Ֆրանսայի պատանիներու (14 տարեկանէն վար) ազգային խումբին, դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Խմբակիցներ Մարիօ Վուքովիչի եւ Էվան Կիրեսքուի հետ միասնաբար Սամուէլ Տաքեսեան փայլեցաւ, մանաւանդ կարեւոր կիսաւարտականին յաղթելով թեկնածու Գերմանիոյ, ի վերջոյ աւարտականին յաղթելով Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին:
2005-էն ի վեր առաջին անգամ էր, որ Ֆրանսա կը յաղթէր այս ախոյեանութեան:
Սամուէլ Տաքեսեան, որ 13-14 տարեկաններու ֆրանսացի ախոյեանն է, ցուցաբերեց անզիջում ամուր անհատականութիւն եւ որակաւոր խաղաձեւ: Անոր ելոյթները վստահաբար պիտի ներշնչեն հայ երիտասարդութիւնը` դառնալով միջազգային օրինակ բոլոր երազ ունեցող պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:
Որպէսզի շարունակէ իր այս ընթացքը, Սամուէլ Տաքեսեան պէտք ունի նիւթական աջակցութեան, եւ մասնաւոր արշաւ մը կազմակերպուած է «Support Samuel Dakessian» անունով, ուր բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Սամուէլը միջազգային բարձր դիրքերու վրայ տեսնել, կրնան իրենց աջակցութիւնը յայտնել օգնելով Սամուէլին, որ հասնի բարձր դիրքերու: