Լաթվիոյ մէջ կը շարունակուի Եուրոպասքեթի ախոյեանութիւնը, որ հասաւ քառորդ աւարտականին:
Թիւ 1 դասուած Սերպիա, որ աշխարհի 2-րդ դասուած խումբն է Միացեալ Նահանգներու ետին, մինչեւ կիսախաղ յառաջանալէ ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ֆինլանտայէն` 86-92 արդիւնքով:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղեր Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց) եւ Նիքոլա Եովիչ (Մայեմի Հիթ) լաւ ելոյթ ունեցան, բայց բաւարար չէր: Եոքիչ 33 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եովիչ 20 կէտ աւելցուց ի նպաստ Սերպիոյ:
Ֆինլանտայի լաւագոյն մարզիկն էր Եութա Ճեզին մաս կազմող Լաուրի Մարքանենը, որ 29 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Բ. հանգրուանի երկրորդ անակնկալն էր Ֆրանսայի պարտութիւնը Վրաստանէն` 70-80 արդիւնքով:
Եւրոպայի 3-րդ լաւագոյն խումբը` Ֆրանսա, բնաւ չկրցաւ զսպել Վրաստանի մարզիկները: «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկներ Կերշոն Եապուսելէ (Նիւ Եորք Նիքս) եւ Պիլալ Քուլիպալի (Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ) լաւ ելոյթ չունեցան: Եապուսելէ 12 կէտ նշանակեց միայն, մինչ Քուլիպալի 20 վայրկեանի ընթացքին 4… ֆաուլեր կատարեց առանց կէտ մը իսկ նշանակելու:
Վրաստան, որ Եւրոպայի 14-րդ լաւագոյն դասուած խումբն է, շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ, ուր Քամար Պալտուին (24 կէտ), Թորնիքէ Շենկելիա (24 կէտ) եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզին մաս կազմող Ալեքսանտր Մամուքելաշվիլի (14 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) լաւ ելոյթներ ունեցան:
Ստորեւ` Բ. հանգրուանի արդիւնքները եւ քառորդ աւարտականի յայտագիրը.
Լիթուանիա – Լաթվիա 88-79
Յունաստան – Իսրայէլ 84-79
Թուրքիա – Շուէտ 85-79
Լեհաստան – Պոսնիա 80-72
Գերմանիա – Փորթուգալ 85-58
Իտալիա – Սլովենիա 77-84
Սերպիա – Ֆինլանտա 86-92
Ֆրանսա – Վրաստան 70-80
ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
ԱՅՍՕՐ
Լիթուանիա – Յունաստան
Թուրքիա – Լեհաստան
ՎԱՂԸ
Գերմանիա – Սլովենիա
Ֆինլանտա – Վրաստան