Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ. Մահ` «Մարմարա» Օրաթերթի Խմբագրապետ` Ռ. Հատտէճեանի

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այսօր համատարած սուգի օր է Հատտէճեան ընտանիքի անդամներուն, պոլսահայ մեր ժողովուրդին, «Մարմարա»-ի ընթերցողներուն, նաեւ մեզի` Ռ. Հատտէճեանի անմիջական մտերմութեան եւ աշխատակցութեան մէջ ապրած անձերուս համար:

Սուգի օր է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ այն հայերուն համար, որոնք կը սիրեն, կը ծաղկեցնեն եւ կ՛ապրեցնեն հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ անվթար կը պահեն մեր մշակոյթը` որպէս ազգային սուրբ ժառանգութիւն:

Այսօր սուգի օր է, որովհետեւ կորսնցուցինք արժանաւոր հայ մը` Ռ. Հատտէճեանը, որ իր ամբողջ կեանքը անսակարկ նուիրումով եւ անփոխարինելի ծառայութեամբ զոհաբերեց հայ գիրի ու դպրութեան զարգացման ու բարգաւաճման գործին:

Այսօր կորսնցուցինք` մեր դարաշրջանի հայ մշակոյթի ամէնէն պատկառելի ու կարկառուն դէմքը, հայ գիրի ու դպրութեան աննահանջ ու բերքառատ մշակը, բեղմնաւոր ու արգաւանդ գրիչը, եռանդուն ու անաչառ գործիչը, հայ ապրումներու ամէնէն վճիտ ու պաղպաջուն աղբիւրը:

Կորսնցուցինք` մեր ժողովուրդի արժէքներուն եւ ձգտումներուն յանձնառու իսկական առաքեալը, ամէնէն երախտարժան ու զտարիւն հայ մտաւորականն ու մեծ հայրենասէրը:

Ան եղաւ մտաւորական մը, որ ջերմօրէն սիրեց իր ազգային պատկանելիութիւնը: Հպարտացաւ հայ ծնած ըլլալուն համար: Ամէն առտու եւ իրիկուն անշեղ հաւատքով ապրեցաւ մաշտոցեան տառերու հմայքին հետ եւ բեղմնաւոր գրիչ ի ձեռին` անյագուրդ ծարաւով ոռոգեց հայրենի անդաստանները:

Ուզեց ստեղծել այնպիսի գրականութիւն մը, որ սիրուէր ինքզինք հայ կոչող ամէն մարդու կողմէ: Ջանաց աշխարհի վրայ ապրող մարդոց հասցնել հայոց ապրումներէն խապրիկներ եւ բոլորին ծանօթացնել ու սիրցնել հայ մշակոյթի բազմազան երեսակները:

Գրեց լեռնակուտակ գիրքեր: Ընդլայնեց եւ զարգացուց ընթերցողին մտածողութեան եւ դատողութեան տեսադաշտերը եւ բարձրացուց բոլորին գեղեցիկի ու բարձր գաղափարականի ճաշակը:

Տիրաբար քաջատեղեակ էր օտար լեզուներու, ուստի կրնար իր գրութիւնները օտար ազգերու ալ ծանօթացնել հպարտութեամբ: Սակայն ան նախընտրեց հայ տառերու շրջանակին մէջ գտնել իր հոգեգրաւ երջանկութիւնն ու սուրբ առաքելութիւնը: Սկզբունքի հարց էր ատիկա, որուն ան հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վախճանը: Որովհետեւ իր հաստատ համոզումն այն էր, որ որպէս հայ խմբագրապետ` իր մէջ ամէնէն ակնբախ եւ ուժեղ գիծը ազգային տոհմիկ գոյատեւումը պէտք է ըլլայ:

Օրաթերթի երդիքին տակ 42 երկար տարիներու մեր համերաշխ ու երջանիկ համագործակցութեան ծիրէն ներս, ես անբաւ հիացումով ու հպարտութեամբ կը վկայեմ, որ ան մեր մայրենիին եւ ազգային մշակոյթին զուգահեռ, հաւատարմօրէն սիրեց մեր եկեղեցին, սիրեց մարդ արարածը, ի՛նչ ազգութեան ալ պատկանէր ան: Սիրեց կեանքը, մայր բնութիւնը: Սիրեց` սէրը, բարեկամութիւնը, գեղեցիկ խօսքն ու շունչը:

Իր առանձնայատուկ եզակի առաւելութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ ան որպէս իսկական մտաւորական մը` աննախանձ սիրով եւ խանդավառութեամբ շրջապատեց իր բոլոր գրչեղբայրները: Խնդակից եղաւ անոնց յաջողութիւններուն: «Մարմարա»-ի էջերը լայնօրէն տրամադրեց անոնց: «Յուշատետր»-ի իր սեփական սուղ սիւնակներուն մէջ երջանիկ ապրումներով յաճախ գովքը հիւսեց իր գրչեղբայրներու գրական արտադրութիւններուն: Քաղաքիս եւ արտասահմանի մէջ, բեմերու վրայ, բազմութիւններու դիմաց , ինքնամոռաց նուիրումով բանախօսութիւններ սարքեց` փառաւորելով իր գրչեղբայրներու գրականութիւնը եւ խրախուսելով զանոնք:

Իր այս բազում զոհաբերութիւններուն փոխարէն` ան երբեմն խոցեր ալ ընդունեց, սրտաբեկութիւններ ալ ունեցաւ, սակայն իր համոզումներու եւ սկզբունքներու ուղիէն երբեք չշեղեցաւ: Մաքառումներու չդիմեց: Ասպետական ոգիով, վէս ճակատով ու անշեղ հաւատքով շարունակեց իր երթը` յանուն մարդասիրութեան եւ խաղաղութեան:

Միւս կողմէ` ան աջակից եղաւ նաեւ` բոլոր գրողներուն, երաժիշտներուն, նկարիչներուն, դերասաններուն, հայ ապրումներով թրծուած բոլոր արուեստագէտներուն: Սիրեց երիտասարդները եւ ամէն ճիգ գործադրեց զանոնք հայ մթնոլորտի մէջ գրական շնորհներով օժտելու համար: Մեծ ու պզտիկ` բոլորին յաջողութիւնները ի՜րը նկատեց եւ մանուկի մը պէս ուրախացաւ ու երջանկացաւ` լայնօրէն արձագանգ հանդիսանալով ուրիշի յաջողութիւններուն:

Ունէր գերզգայնութեամբ տոգորուն, փխրուն սիրտ մը, որ գրաւական կը հանդիսանար իր ազնիւ նկարագրին:

Բարի էր եւ անյիշաչար: Հաղորդական էր ու վստահելի: Անկաշառ էր եւ խղճամիտ: Համեստ էր եւ հաւասարակշռուած: Ողջամիտ էր եւ հեռատես:

Վերջապէս, մէկն էր, որ օժտուած էր մարդկային ամենավսեմ արժանիքներով:

 

* * *

Շա՛տ սիրելի պրն. Ռոպեր,

Դուք համայն հայաշխարհի մէջ սիրուած ու յարգուած անձ մը որպէս , իր ազգային սուրբ պարտականութիւնը լիովին կատարած մարդու հաստատ համոզումով, կ՛երթաք ահաւասիկ հանդերձեալ այն աշխարհը, ուր գացին ու պիտի երթան հողին ոտք դրած բոլոր արարածները անխտիր:

Վստահ եղէք, որ հոն մուտքին, առաջին հերթին , ձեզ բերկրանքով պիտի դիմաւորեն հայ գրերու գիւտարարներ` Ս. Մեսրոպն ու Սահակը, որոնք շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի` իրենց աւանդը ի կատար ածելու գծով`, ձեր վատնած երախտաշատ աշխատանքին համար:

Հոն պիտի գտնէք Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալները, հայոց պայքարի հերոսները, մեր նահատակ սուրբերը, որոնց ճամբէն քալեցիք աներկիւղ, եռանդագին սիրով եւ հաւատարմօրէն:

Հոն բոլորն ալ ովսաննաներով պիտի դիմաւորեն ու պիտի ողջունեն ձեզ եւ խունկ ու աղօթք պիտի մատուցեն ձեզի:

Խաղաղ ննջեցէք երկինքի օթեւաններու մէջ:

Հողը թեթեւ թող ըլլայ ձեր վրայ:

Խորին ցաւակցութիւններ ձեր արժանաւոր որդիներուն` Արիին, Այգին եւ իրենց ընտանիքներուն, նաեւ` այլ պարագաներուն:

Ցաւակցութիւններ նաեւ` հայաշխարհի ձեր բազմահարիւր համակիրներուն:

6 սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայկական Պետականութեան Ինքնամերժումը Եւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վտանգաւոր Առեւտուրը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Եուրոպասքեթը Հասած Է Քառորդ Աւարտականին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?