Աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, թէ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ իսրայէլացի խաղաղութեան գործիչ Կերշոն Պասքինի ճամբով պաղեստինեան Համաս շարժումին պատերազմին վերջ տալու դիմաց բոլոր գերիները ազատ արձակելու գործարքի պատգամներ ուղղած է:
«Ուիթքոֆի Համասին ներկայացուցած առաջարկը կը ներառէ քանի մը ընդհանուր սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ պատերազմին վերջ տալու դիմաց բոլոր գերիները ազատ արձակել», ըսած է աղբիւրը:
«Պասքին կապի մէջ է Համասի բարձրաստիճան պաշտօնատար Ղազի Համաստի հետ, որ անոր հետ կապի մէջ էր նաեւ, երբ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ Կիլատ Շալիթի ազատ արձակման համար բանակցութիւններու ընթացքին պատգամներու փոխանցման օգնեց», ամերիկեան կայքին յայտնած է աղբիւրը: