Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի «Ռոյթըրզ»-ին. «Նախարարաց խորհուրդի ուրբաթ օրուան` զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու բանակի ծրագիրին վերաբերեալ նիստը առիթ է իմաստութեան ու ողջախոհութեան վերադառնալու եւ երկրի դէպի անորոշութիւն մղուիլը արգիլելու»:

. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութեան համաձայն, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը չորեքշաբթի օր երկօրեայ այցելութեամբ կը հասնի Պէյրութ` հանդիպում ունենալու համար իշխանութեան երեք պետերուն հետ:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակի ծրագիրի որդեգրումը ձեռքբերում է, եւ անհամբեր ծրագիրին ժամանակացոյցին ու արագ գործադրութեան կը սպասենք»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի նախարարաց խորհուրդին կողմէ բանակի ծրագիրի որդեգրումը անմիջապէս ողջունելու կեցուածքը ընդդիմութեան կամ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի գործադրման երթը խոչընդոտող մթնոլորտ ստեղծելու համար փողոցի օգտագործման որեւէ փորձի ճամբան փակեց»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, կառավարութեան կողմէ ողջունուած բանակի ծրագիրը կը նախատեսէ Լիթանի գետէն հարաւ զինաթափումը երեք ամիսէն հարիւր առ հարիւրով աւարտել:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ ապահովական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Բանակին առաջարկած ծրագիրը` հակառակ անոր գաղտնի բնոյթին, հիմնուած է աստիճանական փուլերու վրայ, որոնք հաշուի կ՛առնեն լիբանանեան իրողութիւնը: Այդ փուլերն են` վերահսկողութեան փուլը, համատեղ համակարգման փուլը եւ աստիճանական համարկման փուլը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հարցերը այս ուղղութեամբ մղելու ամէնէն շատ նպաստողը ամերիկեան կողմին Պարրաքի փաստաթուղթէն հրաժարիլն եւ խոստումները չյարգելն էր»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Կառավարութեան որոշումները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն ուզածին համահունչ չէին, մանաւանդ որ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պահանջածներէն շատ բաներ նկատի ունեցան, եւ նախարարները մտադիր էին վերապահութիւն յայտնել»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շիի քաղաքական ընդդիմութեան ծաւալը կառավարութեան նիստէն հեռանալով հասաւ իր գագաթնակէտին: Կառավարութենէն հրաժարիլ չկայ, սակայն պէտք է հետեւիլ փողոցին մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի շարժումներուն եւ անոնց մագլցումի տարողութեան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ հարցերը դէպի քաղաքական մագլցում ուղղուին, եթէ շիի նախարարները կառավարութենէն հրաժարին, եւ կարելի չըլլայ զանոնք փոխարինողներ նշանակել, ինչ որ կառավարութիւնը կրնայ մղել հրաժարելու»:

. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-ի տեղեկութեան համաձայն, Հըզպալլան անցնող օրերու ընթացքին չէր ընդառաջեր հանրապետութեան նախագահի ջանքերուն, եւ վարչապետին ու Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնը շատ լարուած էր, իսկ Սալամի եւ Պըրրիի միջեւ` չոր:

. ԸՍՏ «Էմ.Թի.Վի.»-ի տեղեկութեան, «Լիբանանին փոխանցուեցաւ, թէ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբի պետ զօր Լինին երկու շաբաթ ետք մէկ այլ ամերիկացի զօրավարով պիտի փոխարինուի»:

. ԱՐԱԲԱԿԱՆ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պըն Ահմետ Եամահի խորհրդարանական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ պիտի հասնի Լիբանան` մասնակցելու համար 8 եւ 9 սեպտեմբերին լիբանանեան խորհրդարանին մէջ գումարուելիք Ասիական-ափրիկեան խորհրդարանական խորհուրդի ընդհանուր ժողովին:

. «ԹԱՉ» ընկերութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Հաղորդակցութեան ամբողջ ցանցը մասնաւորաբար Պէյրութէն Քեսրուան ու Ժիպէյլ հասնող ծովեզերեայ հատուածին մէջ մերթ ընդ մերթ արտաքին աննախադէպ խանգարման կ՛ենթարկուի»:

 

Նախորդը

Մերժելով Մոսկուա Երթալու Հրաւէրը. Զելենսքի Փութինը Կը Հրաւիրէ Քիեւ

Յաջորդը

Շիի Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Լեւոն ԺԶ. Պապին Յանձնեց Փաստաթուղթ Մը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?