Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչ որ լիբանանեան կառավարութիւնը իր վերջին նիստին ընթացքին կատարեց, ճիշդ ուղղութեամբ դրական քայլ կը նկատուի, եւ ան կարելի լաւագոյնը կատարեց` նկատի ունենալով գոյութիւն ունեցող բարդ պայմանները:
Դեսպանը նշեց, որ կառավարութիւնը յաջողութեամբ աւարտեց քննութիւնը նիստին, ուր քննարկումները իմաստուն կերպով կատարուեցան, եւ անոնց մէջ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու սկզբունքին կառչածութիւնը երեւան եկաւ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան իշխանութիւնը տարածելու իրաւունքը հաստատուեցաւ:
Սակայն Մուսա նշեց, որ այդ սկզբունքի գործադրութիւնը տակաւին կախեալ է շարք մը ազդակներէ, որոնց գլխաւորները բանակի պատրաստուածութիւնն ու շրջանային պայմաններն են:
Ան ըսաւ, որ իր երկրին կարծիքով, կայունութեան պահպանումը կը պահանջէ հեռու մնալ ներքին ճակատումէ եւ խուսափիլ այն ամէն ինչէն, որ կրնայ ճգնաժամեր յառաջացնել:
Պատասխանելով լիբանանեան բանակին եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումի մը կարելիութեան մասին հարցումի մը` Մուսա շեշտեց. «Անհրաժեշտ է խուսափիլ այդպիսի բեմագրութենէ: Լիբանանեան բանակը կարո՞ղ է իր միջոցներով իրապէս սկսիլ զինաթափման, եթէ կուսակցութիւնը անոր հետ չգործակցի: Բանակը զէնքերու բոլոր պահեստանոցներէն տեղեա՞կ է»: Այդ առնչութեամբ ան խիստ կասկած արտայայտեց` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնն ու երկխօսութիւնը զինաթափման համար աւելի իրատեսական ու ազդու են:
Եգիպտոսի դեսպանը գովաբանեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ցուցաբերած մօտեցումը` զայն նկատելով «շատ լաւ, շատ առարկայական, շատ հանդարտ եւ շատ իմաստուն»` շեշտելով, որ Եգիպտոս ամբողջովին կ՛աջակցի այդ մօտեցումին, իսկ զէնքի մենաշնորհումը սերտօրէն առնչուած է ներքին ու շրջանային կացութիւններուն:
Անդրադառնալով Իսրայէլի պատերազմ շղթայազերծելու սպառնալիքներուն` Մուսա ըսաւ, որ Իսրայէլ ներկայիս կը գտնուի զինք գոհացնող կացութեան մէջ եւ պատրաստ չէ անկէ անդին երթալու` նշելով, որ պատերազմի խաղաքարտի օգտագործումը իմաստուն չէ, եւ այն, ինչ որ Լիբանան կը կատարէ, ազգային շահերէն մղուած է:
«Զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելը զիջում չէ, այլ զուտ լիբանանեան շահ», ընդգծեց դեսպանը:
Մուսա յայտնեց, որ ճակատումի շտապելը անհրաժեշտ չէ, այլ պէտք է խաղաղ բոլոր ուղիները սպառել` զգուշացնելով, որ ճակատումին գինը միայն լիբանանցին պիտի վճարէ:
Ան ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը յառաջացած է բռնագրաւումը դիմակայելու համար, եւ Իրան այսօր լիբանանեան թղթածրարէն աւելի մեծ մարտահրաւէրներով զբաղած է, եւ հաւանական նկատեց, որ Իրան ներկայիս Լիբանանը ազատ ձգէ:
Դեսպան Մուսա նշեց, որ Սուրիա գտնուող հաւատադրժողական խմբաւորումները կը շարունակեն Եգիպտոսի եւ Լիբանանի համար հաւասարապէս մտահոգիչ ըլլալ:
Անդրադառնալով լիբանանեան անձնաւորութիւններուն` Մուսա շեշտեց, որ ամբողջովին կը զօրակցի նախագահ Աունի մօտեցումին, գովեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամի կենսունակութիւնը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին նկատեց ողջախոհութեան եւ իմաստութեան ձայն մը, ինչպէս նաեւ նշեց, որ կը հաւնի Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահը անոր անկեղծութեան ու հաստատ դիրքորոշման համար, ինչպէս նաեւ նշեց, որ սիւննիական ղեկավարութեան մէջ դատարկութիւնը մեծ վնասներ պատճառեց, եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը ազդեցիկ յաւելում մը պիտի ըլլայ: