Սէյիտ Ալի Սայետ Քասեմ Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի ցուցմունքով կը մասնակցի Վատիկանի մէջ Մարիամական համաշխարհային խորհրդաժողովին, որ իր աշխատանքը աւարտեց Լեւոն ԺԶ. պապին հետ հանդիպումով մը:
Սէյիտ Քասեմ այս առիթով յանուն Շիի իսլամական գերագոյն խորհուրդին Լեւոն ԺԶ. պապին յանձնեց փաստաթուղթ մը, որ կ՛ամփոփէ երկխօսութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան վերաբերեալ խորհուրդի տեսակէտը` մեկնելով իմամ Մուսա Սատըրի հիմնադիր փաստաթուղթէն:
Խորհուրդը իր փաստաթուղթին մէջ Լեւոն ԺԶ. պապէն խնդրեց աղօթել Լիբանանի համար, որպէսզի իր իսլամ եւ քրիստոնեայ թեւերով մնայ ազատ, անկախ եւ իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական հայրենիք: