
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով լրագրողներուն յայտնեց, որ «շատ յստակ է, որ վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումներուն ետին Քայիտայի դաշնակից ահաբեկչական խմբաւորումներ կը կանգնին»: Ան նշեց, որ հաստատ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, թէ զինեալներուն շարքին լիպիացի եւ արաբական այլ երկիրներէ վարձկաններ կան:
Ֆրանսայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Օրլով «Թէ.Վէ.5» պատկերասփիւռի կայանին, «Ֆրանս ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ միացեալ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի յաջողութեան համար տակաւին առիթ կայ` շեշտելով, որ Ռուսիա իր կարելին պիտի ընէ այդ ծրագիրի ձախողութիւնը կանխարգիլելու համար:
Ան սակայն զգուշացուց, որ «Քոֆի Անանի ծրագիրը կրնայ Սուրիոյ վերջին առիթը ըլլալ: Կը կարծենք, որ այս ծրագիրը յաջողութեան առիթ ունի»: Ռուս դիւանագէտը ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է «բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակէ»:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն news.am-ին երէկ յայտնած են, որ Րաֆֆի Քարճեան Հոմսի իր բնակարանին մէջ սպաննուած է: Դէպքին մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի վերահաստատեց, որ Իրան սուրիական ներքին հարցին մէջ արտաքին որեւէ միջամտութեան դէմ է` վստահեցնելով, որ սուրիական տագնապի լուծումը արտաքին չէ, այլ կարելի է բոլոր կողմերուն միջեւ լուծումի փոխզիջումային տարազ մը գտնել:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ղուլամ Ալի Հատատ Ատել յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգը ականահարումներով պիտի չտապալի, որովհետեւ ժողովրդային զօրակցութիւն կը վայելէ»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ վերջին ականահարումներուն թիրախը Դիմադրութիւնն ու սուրիական վարչակարգն են:
Ատել ընդգծեց, որ «եթէ Պաշշար Ասատ Միջին Արեւելքի կարգ մը ղեկավարներուն նման Ամերիկայի եւ Իսրայէլի քաղաքականութեան համահունչ գործէր, այսպիսի ականահարումներ արդէն տեղի պիտի չունենային»:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ սուրիական վարչակարգին դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատեցին: Եւրոպական Միութիւնը վարչակարգի ֆինանսաւորման աղբիւր եղող երկու հաստատութեանց եւ երեք անհատներու դրամատնային հաշիւները սառեցուց:
Միւս կողմէ, Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտըրզ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է Սուրիոյ օժանդակութիւններ մատակարարելու համար մարդասիրական միջանցքներ հաստատէ, նոյնիսկ ի գին զինուորական ներկայութեան: Ան ըսաւ, որ հակառակ Անանի ծրագիրի եւրոպական զօրակցութեան, «երկար ժամանակ անցաւ եւ զինադադար չհաստատուեցաւ»` աւելցնելով, որ թերեւս ժամանակը հասած է «զինուորական ներկայութեան մը հովանիին տակ` երկրին մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու կարելիութիւնը քննարկելու»:


