
Նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով քրտական հարցին յայտնած է, որ «Թուրքիոյ գլխուն քրտական հարցը կախուած է եւ կառավարութիւնը կը մտածէ, թէ այդ հարցը հանդուրժողական եւ փափուկ կերպով ինչպէ՛ս կարելի է լուծել: Ատոր համար ալ հին գործելաոճերուն կը դիմէ»:
Փամուք նշած է, որ «Անատոլուէն եկող եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան սատարող քաղաքական նոր վերնախաւ կը ձեւաւորուի», ինչ որ Պոլսոյ վերնախաւին դժգոհութիւն կը պատճառէ:
Թուրք գրողը նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցին: «Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միութեան հաւատացող մարդոց սրտերը կոտրուած են: Նախ Սարքոզիի եւ Մերքելի յայտարարութիւնները, ապա 2008-ի ելեւմտական ճգնաժամէն Թուրքիոյ կրած վնասները, մթագնեցին Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարը», ըսած է ան:
Փամուք նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները վերջին տասը տարիներուն ընթացքին զգալի կերպով անկում կրած են: «Եւրոպան կը շարունակէ վերնախաւին համար երազ մնալ, սակայն տնտեսական պայթումը այդ յուզումը նուազեցուց, որովհետեւ Եւրոպայի հետ միանալը աւելի տնտեսական ցանկութիւն էր եւ ոչ թէ քաղաքական», ըսած է ան:


