ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 1 սեպտեմբերին ընդունած է «Արցախ. չկարգաւորուած հակամարտութիւն. վերադարձի իրաւունք» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի մէջ գտնուող` Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի պատգամաւոր Քոնսթանթինոս Էֆսթաֆիուն եւ գերմանացի քաղաքական գործիչ, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Լարս Փաթրիկ Պերկը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ներկայ փուլի, արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթերու վերաբերեալ: