Ռուսիան Ազրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու համար Հայաստանի տարածքով ուղեւորներու եւ բեռներու տարանցման արտատարածքային դրութիւն չէ առաջարկած: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Հաշուի առնելով Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ հասարակաց տարածքը` նման դրութիւն նոյնիսկ տեսական մակարդակի վրայ չէր կրնար քննարկուիլ», ըսած է ան: