Դատարանը երէկ բաւարարեց Միքայէլ արք. Աջապահեանի փաստաբաններուն ներկայացուցած երեք միջնորդութիւնները:
Առաջին միջնորդութեամբ փաստաբանները կը պահանջեն ներգրաւել փորձագէտներ` պարզելու համար, թէ սրբազանի խօսքին մէջ յեղաշրջման կոչ կա՞յ, թէ՞ ոչ: Երկրորդով` հետազօտել 2023-ի սկաւառակը, ուր Աջապահեան սրբազանը կը խօսի յեղաշրջման մասին եւ որուն մէջ մէկ տարի առաջ ընդհանուր դատախազութիւնը յանցակազմ չէր գտած: Երրորդ միջնորդութեամբ ալ փաստաբանները կը պահանջեն քննել այն հանգամանքը, որ Միքայէլ արք. Աջապահեանի կեցավայրին մէջ քննչական գործողութիւններ կատարելու ընթացքին Շիրակի թեմի առաջնորդի լիազօրուած ներկայացուցիչին չեն ձգած մասնակցել:
Դատարանը երէկ շարունակեց հետազօտել Միքայէլ արք. Աջապահեանի գործով ապացոյցները:


