Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային ցանցի ընդլայնումը շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանային առեւտուրին վրայ: Այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Կարս-Իգդիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղային գիծի հիմնարկէքին առիթով:
«Երկաթուղին մեծ նշանակութիւն ունի թէ՛ մեր երկրին, թէ՛ ալ ամբողջ շրջանին համար», նշած է ան:
Անոր համաձայն, այս գիծի գործարկումը պիտի բարձրացնէ արտադրութիւնն ու արտահանումը Արեւելեան եւ Հարաւարեւելեան Անատոլուի շրջաններուն մէջ, պիտի բարելաւէ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցները եւ պիտի բարձրացնէ Միջերկրական ծովու զբօսաշրջային ներուժը:


