Արսենալ իր յաջորդական 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց Լիծ Եունայթըտի դէմ, «Էմիրէյթց» դաշտին վրայ, 5-0 արդիւնքով:
Արսենալ, որ ըստ Մոհամետ Սալահի այս տարեշրջանի լաւագոյն խումբն է, ունեցաւ շատ հմայիչ մրցում մը, ուր յետսապահները նոյնիսկ յարձակեցան յարձակողական գեղեցիկ խաղաոճով:
Մրցումին մթնոլորտը խանգարող միակ հարցը խմբապետ Մարթին Օտըկարրի եւ Պուքայօ Սաքայի վիրաւորուիլն էր, մանաւանդ որ յաջորդ մրցումը պիտի ըլլայ շատ կարեւոր` Լիվըրփուլի «Էնֆիլտ» դաշտին վրայ:
Աջ կողմի յետսապահ Եուրիեն Թիմպըր, Տեքլըն Ռայսի քոռնըրէն ետք գլխու հարուածով նշանակեց Արսենալի առաջին կոլը:
Անցեալ շաբաթ ալ Արսենալ, Եունայթըտի դէմ քոռնըրէն գլխու հարուածով կոլ մը նշանակած էր, եւ այս ձեւի կոլերու հաշիւը հասաւ 32-ի` 2023-2024 տարեշրջանէն ի վեր, որ մրցանիշ մըն է:
Կիսախաղէն առաջ, Պուքայօ Սաքա Թիմպըրի փոխանցումէն ետք նշանակեց «ռմբաձիգներ»-ու երկրորդ կոլը:
48-րդ վայրկեանին շուէտացի յառաջապահ Վիքթոր Եոքերեշ վերջապէս նշանակեց իր առաջին կոլը Արսենալի շապիկով` Քալաֆիորիի փոխանցումէն ետք:
56-րդ վայրկեանին Թիմպըր աւելցուց իր եւ Արսենալի կոլերուն հաշիւը: 64-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ 15 տարեկան Մաքս Տոմեն, որ շատ աշխուժ ելոյթ մը ունեցաւ` փոխարինելով Նոնի Մատուեքէն:
95-րդ վայրկեանին Տոմեն շահեցաւ փենալթի մը, որ կոլի վերածեց Եոքերեշ: Արդիւնք` 5-0:
Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թոթենհամէն:
Օմար Մարմուշ 28-րդ վայրկեանին ոսկի առիթ ունէր բանալու մրցումին հաշիւը, բայց սպանացի բերդապահ Կուլիելմօ Վիքարիօ զսպեց զայն:
35-րդ վայրկեանին Թոթենհամ կոլ մը նշանակեց Պրենըն Ճոնսընի միջոցով, որ սակայն օֆ սայտ նկատուեցաւ: Բաւական ուշացումէ ետք, ՎԱՐ-ի սենեակէն իրաւարարին դիմեցին, որ վերատեսութեան ենթարկէ պատահածը:
Օֆ-սայտ չկար, եւ իրաւարարը վաւերացուց կոլը: 4 վայրկեան ետք, Փետրօ Փորրօ խուժեց Սիթիի քառակուին, եւ թաքըլի ենթարկուեցաւ. իրաւարարը փենալթի չսուլեց, մինչ Թոթենհամի մարզիկները կը գանգատէին: ՎԱՐ-ի սենեակէն պահանջեցին, որ իրաւարարը վերատեսութեան ենթարկէ իր ոոշումը, բայց իրաւարար Փիթըր Պանքս դիտելէ ետք պատահածը հաստատ մնաց իր որոշումին վրայ:
Կիսախաղ կ՛ըլլար, երբ Սիթիի նոր բերդապահ Ճէյմս Թրաֆորտ սխալ մը թոյլ տուաւ` գնդակը սխալմամբ փոխանցելով մրցակից Ժոաօ Փալինիային, որ 2-0-ի կոլը նշանակեց:
Բ. կիսախաղին կը կարծուէր, թէ Սիթի պիտի վերադառնայ, բայց միայն մէկ լուրջ վտանգ ստեղծեց Թոթենհամի բերդին վրայ, մինչ Թոթենհամ կրնար աւելցնել կոլերու հաշիւը վերջին վայրկեաններուն:
Չելսի Լոնտոնի իր դրացիներուն նման յաղթանակ արձանագրեց Ուեսթ Համի դաշտին վրայ, ուր կոլ մը ստանալէ ետք 5 կոլերով պատասխանեց շնորհիւ Ժոաօ Փետրոյի, Փետրօ Նեթոյի, Էնզօ Ֆերնանտեսի, Մոյսես Քայսետոյի եւ Թրեւօ Չալոպայի: