Անցեալ տարուան ախոյեան Պայերն Միւնիխ տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսաւ` Ռետ Պուլ Լայփցիկի դէմ 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակէ մը ետք:
Մայքըլ Օլիսէ (2) եւ Լուիս Տիաս նշանակած էին Պայերնի առաջին 3 կոլերը առաջին կիսախաղին, մինչ Անգլիոյ խմբապետ Հերի Քէյն հեթ-թրիքով մը արդիւնքը բարձրացուց 6-ի:
Բ. դիրքը գրաւելու գլխաւոր թեկնածուներէն Տորթմունտ, Համպուրկ քաղաքի Զանքթ Փաուլի խումբին դէմ համեմատաբար «դիւրին» մրցում մը ունէր եւ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար մինչեւ 85-րդ վայրկեան, երբ յետսապահ Ֆիլիփօ Մանէ փենալթի մը «նուիրեց» մրցակիցին եւ կարմիր քարտ ստանալով վտարուեցաւ:
Լիւքսամպուրկի յառաջապահ Տանել Սինանի նշանակեց փենալթին, իսկ շուէտացի Էրիք Սմիթ 89-րդ վայրկեանին ռմբային հարուածով նշանակեց 3-3-ի կոլը:
Պայեր Լեւերքուզըն 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութեամբ սկսաւ իր «Պայարենա» դաշտին վրայ, Հոֆենհայմի դէմ:
Ճերըլ Քուանսա նշանակեց Լեւերքուզընի կոլը, բայց Ասլանի եւ Լեմփերլէ նշանակեցին 2 կոլ` 3 կէտը նուիրելով Հոֆենհայմին: