Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

Օգոստոս 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ճիւնիի քաղաքապետարանի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ երէկ հազարաւոր համակիրներ ականատես եղան այս տարեշրջանի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի վերջին գեղեցիկ մրցումին, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամալ Սալամ Զղարթայի, բարձրացաւ Գ. դասակարգ:

Մրցումը շատ լաւ ձեւով սկսաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը բարեփոխուած կազմով, ուր Ալի Ֆահս, Էլի Փիլաւճեան եւ Քարլոս Թոմաս դաշտ ներկայացած էին փոխարինելով Ֆատըլ Ռիտան, Ալեք Ալճեանն ու Հիւսէյն Պեզզին:

Ճիշդ է, որ Ֆահս ամբողջովին ապաքինած չէր, բայց անոր ներկայութիւնը շատ բան փոխեց իր «կախարդական» ձախ ոտքով, մինչ Տիգրան «Տիգօ» Վարդան ձախ կողմի պաշտպան դիրքի վրայ կը խաղար` թեթեւօրէն վիրաւոր Ալեքին փոխարէն:

Աշխուժ մրցակիցի մը դէմ պէտք էր Քարլոս Թոմասի ներկայութիւնը, եւ իրապէս ալ ան աշխուժ մրցում մը ունեցաւ դաշտին կեդրոնը, Յակոբ Նաճարեանի եւ խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեանի կողքին:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը գրեթէ «անշարժ» ձգեցին մրցակիցները, մանաւանդ մրցումի առաջին կէս ժամը:

22-րդ վայրկեանին Սերժի գեղեցիկ խաղարկութենէն ետք, ան փոխանցեց Ալի Ֆահսի, որ անզսպելի հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը: 36-րդ վայրկեանին Եուսեֆ Համատէի փոխանցումէն ետք, Ալի Ֆահս ձախ ծայրէն եւ շատ նեղ անկիւնէ մը պարտութեան մատնեց մրցակից բերդապահը, որուն ձախ կողմի սիւնը զսպեց հարուածը:

Կիսախաղէն քիչ մը առաջ մրցակից խումբը քիչ մնաց հաւասարէր, բայց Պաթրաշի բերդին ձողին դպնալով գնդակը ապահով դիրքի վրայ յայտնուեցաւ:

Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ-ի տղաքը սկսան ինչպէս առաջին կիսախաղը: 60-րդ վայրկեանին Ալեք եւ Սոնտոս փոխարինեցին խմբապետ Աւիկն ու Էլին: 6 վայրկեան ետք, Սերժ, որ շատ լաւ մրցում ունեցաւ, յոգնեցաւ եւ փոխարինուեցաւ Ալի Ֆահսի հետ միասին, ուր դաշտ ներկայացան Ֆատըլ Ռիտա եւ Իպրահիմ Մուսաուի:

Մուսաուի անշուշտ ճկուն չէ Սերժի նման, բայց փորձառութեամբ կրցաւ վտանգ ստեղծել Ֆատըլ Ռիտայի հետ, որ Ալի Ֆահսի դերը առաւ:

72-րդ վայրկեանին Ֆատըլ Ռիտայի փոխանցումէն ետք Եուսեֆ Համատէ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 2-րդ կոլը:

79-րդ վայրկեանին Ռիտա այս անգամ փոխանցեց Մուսաուիի, որ գեղեցիկ հարուածով նշանակեց 3-րդ կոլը:

87-րդ վայրկեանին Մուսաուի իր նախասիրած բանը ըրաւ` խաղի բերելով մրցակից բերդապահը եւ գնդակը գլտորելով բերդին մէջ, արդիւնք` 4-0:

Դաշտը դարձաւ տօնակատարութեան վայր, ուր ուրախութեան արցունքները աներեւակայելի էին… Համակիրները այսքան ուրախութիւն չէին վայելած 2013-2014 տարեշրջանին, երբ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը բարձրացած էր Բ. դասակարգ:

Տօնակատարութեան երթը շարունակուեցաւ Ճիւնիէն Պուրճ Համուտ, ուր երկյարկանի փոխադրակառքին մէջ, որ մարզիկները կը վերադարձնէր Պուրճ Համուտ, մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր: Մարզիկները ճամբան մեծ թիւով համակիրներու հետ կ՛երգէին ու կը պարէին:

Պուրճ Համուտի հրապարակը համակիրներ արդէն իսկ հաւաքուած էին եւ կը տօնէին յաղթանակի եւ Գ. դասակարգ բարձրանալու ուրախութիւնը, երբ մարզիկները հասան, եւ տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, ինչպէս նաեւ երգահանդէս` այս առիթով:

Այժմ Պուրճ Համուտ վերադարձած է Գ. դասակարգ, եւ յաջորդ տարեշրջանի պատրաստութիւնները պէտք է սկսիլ կարճ ժամանակէն:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Գասպար Տէրտէրեան` Աշխարհի Ախոյեան

Յաջորդը

28 Տարի Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. Դասակարգ Բարձրացաւ

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?