«Եու. Է. էֆ. Ա.»-ն կը մտածէ Մոնտիալի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն լայնածաւալ փոփոխութիւններ կատարել:
Նպատակը աւելի հետաքրքրական դարձնել է զտումի մրցումները եւ նուազեցնել ձանձրոյթ պատճառող ու անհաւասար ուժերու ճակատումները:
Ըստ «Լ՛Էքիփ»-ի կը քննարկուին երկու հաւանական բեմագրութիւններ.
1.- Ազգերու լիկան օգտագործել իբրեւ որակաւորման գլխաւոր համակարգ, Մոնտիալի եւ Եուրոյի համար:
2.- «Չեմփիընզ Լիկ»-ի նոր ձեւը ներդրել, ուր ազգային խումբերը միասնաբար կը մրցին իրար դէմ, առանց դարձի հանդիպումներու` ստեղծելով միասնական վարկանիշ, որ կ՛որոշէ ուղիղ մասնակցութիւն` լաւագոյն դիրքերը գրաւող խումբերուն, եւ մնացեալը` փլէյ-օֆի հանգրուանով:
Հիմնական նպատակն է բարձրացնել հետաքրքրութիւնը որակաւորման փուլի նկատմամբ` ապահովելով աւելի հաւասար ու մրցունակ հանդիպումներ: Կ՛ակնկալուի, որ այս մրցումը գրաւէ աւելի շատ դիտողներ եւ բարձրացնէ մրցաշարքերու առեւտրական արժէքը: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կարծիքով այժմու ձեւաչափը «հինցած» է եւ վերաթարմացման կարիք ունի` արդի ֆութպոլի պահանջներուն համապատասխանելու համար:
Պէտք է նշել, որ փոփոխութիւնը մինչեւ 2028 թուական կարելի չէ կատարուի, քանի այժմու ընթացող ձեւը (2024-2028) արդէն իսկ «ծախուած» է հեռարձակողներուն եւ պիտի շարունակուի այժմու գործող համակարգով: