Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչ Գասպար Տէրտէրեան (72 քկ) նուաճեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը:
Աւարտականին Տէրտէրեան մրցեցաւ Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ահմետ Քոտիրովի դէմ: Ճակատումը 1-1 արդիւնքով վերջ գտաւ, սակայն հայ մարզիկը ախոյեան հռչակուեցաւ առաջին կէտը շահելու շնորհիւ:
Մրցաշարքի իր առաջին մրցումին, Տէրտէրեան 6-2 արդիւնքով յաղթած էր ազրպէյճանցի Սէյմուր Կասիմովին, ապա ղազախ Եուսուֆ Աշրափովին 3-1 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին Տէրտէրեան 7-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր պուլկարացի Սերկէյ Սթոյեւի, իսկ կիսաւարտականին յոյն Արիոնաս Քոլիցոփուլոսի` 5-1 արդիւնքով:
Հայաստանի հաւաքականի միւս ներկայացուցիչներէն Եուրիկ Մխիթարեան (60 քկ) դարձաւ փոխախոյեան` նուաճելով արծաթ մետալ, իսկ Ալեքս Մարգարեան (82 քկ) հասաւ աւարտական, ուր պիտի պայքարի ոսկի մետալի համար: