Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայել երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին այցելելէ ետք, հանդիպում ունեցայ խորհրդարանի նախագահին հետ` անոր հետ խորհրդակցելու եւ միասնաբար մտածելու լուծումներու եւ պետութեան վերակառուցման հոլովոյթը դիւրացնելու մասին»:
«Ունինք մեր առաջնահերթութիւնները` պետութեան չգոյութեան վիճակէն պետութեան գոյութեան իրավիճակին անցնիլ, ինչպէս նաեւ պետութեան իր բոլոր հողերուն վրայ ամբողջական գերիշխանութեան հաստատման հասնիլ, եւ ատոր մուտքը որեւէ խմբաւորման բոլոր զէնքերը պետութեան յանձնելն է», նշեց երեսփոխանը:
«Մենք հաւասարութեան վրայ հիմնուած նոր էջ բանալու ծիրին մէջ ենք` օրէնքին ու սահմանադրութեան ենթակայ: Բոլոր այս հարցերը պիտի իրագործենք գործընկերութեամբ, եւ շիի համայնքի որեւէ լուսանցքայնացում մերժող յստակ դիրքորոշում ունինք: Կ՛ուզենք, որ շիի համայնքը նոր Լիբանանի կառուցման մէջ գործընկեր ըլլայ, եւ ատիկա մեզի համար կարմիր գիծ է», յայտնեց ան:
«Մեր ձեռքը երկարեցինք եւ մեր սրտերը բացինք նոր էջ բանալով, սակայն ատոր դիմաց կը լսենք դաւաճանի պիտակաւորում, որուն վերջինը ուղղուած էր մարոնիներու Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքին, ինչ որ կը դատապարտենք եւ անընդունելի կը նկատենք: Անիկա կը հարուածէ համախոհութեան եւ կարգաւորման բոլոր ջանքերը, որոնցմէ է Պըրրիի հասարակաց կէտեր դիտելու փորձի ճամբով առաջարկածը», ըսաւ Ժեմայել:
«Պըրրիի դիրքորոշումը ծանօթ է, սակայն կը փորձէ երկրին մէջ լարուածութիւն չստեղծել, եւ ատիկա բան մըն է, որուն կարիքը ունինք, եւ ան շիի համայնքին մէջ չափաւորականութիւն մըն է, որ դրական կ՛ընկալենք, հակառակ մեծաթիւ թղթածրարներու շուրջ Ամալ շարժումին հետ տարակարծութիւններու գոյութեան», նշեց երեսփոխանը:
«Մեզի համար կարեւոր է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց ժամկէտին, եւ սփիւռքի լիբանանցիները 128 երեսփոխաններուն քուէարկեն: Պըրրին այս ծիրին մէջ մեծ դեր ունի, հակառակ բազմաթիւ հարցերու մէջ տեսակէտներու տարբերութեան, սակայն ան կը մերժէ պետութեան եւ բանակի դիմակայման տրամաբանութիւնը», շեշտեց Ժեմայել` աւելցնելով. «Բանակը մեզի համար սուրբ է»: