Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Անակնկալի մատնուեցանք, ինչպէս լիբանանցիները, իսրայէլացի թշնամիի յայտարարութենէն, թէ իսրայէլացի մը ստանձնած է լիբանանեան իշխանութիւններէն միակողմանի քայլով մը, որուն դիմաց Լիբանանը թշնամիին կողմէ գերեվարուած իր քաղաքացիներէն ոչ մէկը ստանձնեց, ինչ որ հարցականներ եւ խոր կասկածներ կը յառաջացնէ իշխանութեան` հակառակորդ կողմին հետ գերիներու փոխանակում կատարելու առիթը մսխելուն ու փախցնելուն շուրջ»:
«Այս առումով լիբանանեան իշխանութիւններուն ըրածը դատապարտելի է եւ մարդոց համար ցնցիչ, եւ պէտք է հարցաքննութեան եւ հաշուետուութեան ենթարկուի առնչակից կողմերէն, որովհետեւ ներկայ զգայուն պայմաններուն մէջ այս ազգային չափազանց կարեւոր թղթածրարը անպատասխանատուութեամբ ղեկավարեց», նշեց երեսփոխանը:
«Տեղի ունեցածը յստակ ու բացայայտ կերպով ցոյց կու տայ պատասխանատու կողմին անկարողութիւնը իր պատասխանատուութիւնները պատշաճ կերպով կատարելու, մանաւանդ թշնամիի բանտերուն մէջ գտնուող գերիներու եւ կալանաւորուածներու թղթածրարին նման չափազանց կարեւոր թղթածրարի մը վերաբերեալ: Այս քայլը գերիներուն եւ բանտարկուածներուն հարազատներն ու սիրելիները մեծապէս ցնցեց եւ անոնց ու լիբանանցի ժողովուրդին յղեց ամօթի եւ հիասթափութեան պատգամ մը, թէ իրենց պետութիւնը չէ հետաքրքրուած եւ չի գիտեր իր մօտ գտնուող ուժի խաղաքարտերէն օգտուիլ եւ զայն ձրիաբար կը մսխէ, մինչ բռնագրաւող թշնամին կը շարունակէ իր ոճիրները, յարձակումներն ու խախտումները», ըսաւ Մուսաուի:
«Իշխանութեան մէջ առնչակից պաշտօնատարները պէտք է լիբանանցի ժողովուրդին, մասնաւորաբար գերիներու հարազատներուն յստակ ու ամբողջական բացատրութիւն տան, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահեցաւ, ինչպէս նաեւ արդարադատական ու ապահովական համապատասխան իշխանութիւնները ձեռնարկեն համապարփակ հետաքննութեան մը, որ երեւան կը հանէ տեղի ունեցածին իսկութիւնը, որպէսզի պատշաճ քայլը առնուի», նշեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը: