Սպիտակ տունը կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու հաւանական եռակողմ հանդիպում Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ` իբրեւ տասնամեակներ տեւած պատերազմին վերջ դնելու բանակցութիւններու վերջին քայլ: Այս մասին հաղորդեց «Փոլիթիքօ»-ն` յղում կատարելով ամերիկեան վարչակազմին մօտ կանգնած աղբիւրներու:
Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը կը պատրաստուի վեհաժողովի կեդրոնական Եւրոպայի երկրին մէջ` վարչապետ Վիքթոր Օրպանի գլխաւորութեամբ, որ մտերիմ է նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ամերիկացի ղեկավարի առաջին նստաշրջանէն ի վեր:
Երկու աղբիւրներ յայտնած են, թէ գաղտնի սպասարկութիւնը հետախուզութիւն կը կատարէ քանի մը վայրերու մէջ, եւ վերջնական վայրը կրնայ փոխուիլ, եւ Պուտափեշթը դառնայ Սպիտակ տան առաջին ընտրութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թրամփին ըսած է, որ կը նախընտրէ Մոսկուան, մինչդեռ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշած է, որ հանդիպումներու իտէալական վայրը պիտի ըլլայ Ժընեւը:
Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին Փութինին պատերազմական յանցագործութիւններու մեղադրանքներէն «անձեռնմխելիութիւն» խոստացած է, եթէ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար ընտրուի իր չէզոքութեամբ յայտնի երկիրը:
«Փոլիթիքօ» կը գրէ. «Հունգարիան անյարմար ընտրութիւն պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ համար, որովհետեւ անիկա կը յիշեցնէ 1994 թուականի Պուտափեշթի յուշագիրը, ըստ որուն, Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան եւ Ռուսիան խոստացած էին աջակցիլ Ուքրանիոյ անկախութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու նկատմամբ յարգանքին` հիւլէական զէնքէն հրաժարելուն դիմաց: Փութինի 2014 թուականի Ուքրանիոյ դէմ յարձակումը ապացուցեց համաձայնագիրին անիմաստութիւնը, որովհետեւ ստորագրող կողմերէն ոչ մէկը յարձակումներուն հակազդելու համար զինեալ ուժեր տրամադրեց»:
Միւս կողմէ, Պիելոռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Էյսմոնթ «Վետոմոսթի»-ին յայտնեց, որ Պիելոռուսիան կրնայ Մոսկուայի խնդրանքով կազմակերպել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու հանդիպումը:
«Պիելոռուսիան միջնորդի դեր չէ խնդրած եւ չի խնդրեր, սակայն եթէ մեր եղբայրական հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան համար անհրաժեշտ ըլլայ, մենք պատրաստ ենք որեւէ հանդիպում կազմակերպելու, եւ մենք ամէն ինչ պիտի կատարենք բարձրագոյն մակարդակով», նշած է ան:
Էյսմոնթ նշած է, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն իր ամերիկացի գործընկեր Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ այդ նիւթը չէ քննարկած: