Ինչպէս նախատեսուած էր, նախագահ Տանըլտ Թրամփը Կովկասի մէջ «խաղաղութեան» համար Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած վեհաժողովը վերածեց ծիծաղելի ներկայացման մը` անընդհատ ինքնագովութիւն կատարելով, ինքնիրեն վերագրելով այնպիսի բաներ, զորս իրականութեան մէջ չէ ըրած, մեղադրելով նախագահ Պայտընը եւ յաճախ շեղելով հանդիպման թեմայէն:
Թրամփ միայն մէկ նպատակ կը հետապնդէր Սպիտակ տան մէջ այս միջոցառումը կազմակերպելով` ապահովել Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը` իբր թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան միջնորդութեան համար, պնդելով, թէ ոչ ոք կրցած է այդ մէկը ընել վերջին 35 տարուան ընթացքին:
Թրամփ իր Truth Social հարթակին վրայ անամօթաբար գովաբանեց ինքզինք. «Բազմաթիւ ղեկավարներ փորձած են վերջ դնել այդ պատերազմին, սակայն ցարդ` ապարդիւն, եւ միայն հիմա` շնորհակալութիւն «Թրամփին»: Ան նաեւ ինքնիրեն վերագրեց կարգաւորումը քանի մը այլ հակամարտութիւններու, որոնց մէջ որեւէ մասնակցութիւն չէր ունեցած: Ան յարմարօրէն չյիշատակեց իր ամբարտաւան նախընտրական խոստումը` լուծել ուքրանական պատերազմը` «նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ 24 ժամ անց»: Ան արդէն եօթը ամիսէ ի վեր նախագահ է, սակայն պատերազմը կը շարունակուի:
Խորամանկօրէն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու նախագահ Իլհամ Ալիեւը, տեղեակ ըլլալով Թրամփի եսապաշտական հակումներուն, խանդավառութեամբ սկսան քծնիլ անոր: Նոյնիսկ առաջարկեցին ստորագրել միացեալ նամակ` կոչ ուղղելով Նոպելեան կոմիտէին` Թրամփին շնորհելու խաղաղութեան մրցանակ, քայլ մը, որ անոր մեծ հրճուանք պատճառեց:
Ազրպէյճանի հիմնական մասէն Հայաստանի վրայով դէպի Նախիջեւան տանող տարանցիկ ճամբու լուրջ հարցի արծարծումը արագօրէն վերածուեցաւ զաւեշտի, երբ յայտարարուեցաւ, որ անիկա պիտի կոչուի «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP). Թրամփի փառամոլութեան յաւելեալ օրինակ մը:
Խաղաղութեան համաձայնագիրը, որուն մասին ամիսներէ ի վեր կը խօսի Փաշինեան, չստորագրուեցաւ, ինչպէս յայտարարուած էր, այլ միայն նախաստորագրուեցաւ նախորդ շաբաթ Սպիտակ տան մէջ կայացած վեհաժողովին ընթացքին` վերածուելով ոչ պարտադիր փաստաթուղթի: Ալիեւ շահագրգռուած չէ համաձայնագիրի ստորագրութեամբ` գիտակցելով, որ այդպիսով պիտի զրկուի իր լծակներէն` պահանջելու յաւելեալ զիջումներ Փաշինեանէն, որ մինչեւ օրս հնազանդած է անոր բոլոր պահանջներուն: Ալիեւ պիտի յետաձգէ պայմանագիրի ստորագրութիւնը, մինչեւ որ Փաշինեան կատարէ Ազրպէյճանի յաւելալ պահանջ մը` փոփոխութիւններ կատարելու Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ, գործընթաց մը, որ պիտի տեւէ յաւելեալ 10 ամիս:
Հայերը տեղեակ իսկ չեղան ստորագրուած համաձայնագիրի պայմաններէն: Միայն օրեր անց հրապարակուեցաւ անոր բովանդակութիւնը, եւ յստակացաւ, թէ Փաշինեան ի՛նչ յաւելեալ զիջումներ ըրած է Ազրպէյճանին:
Փաշինեան այս հռչակագիրով նաեւ կը դրժէ 2018-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հսկայ բազմութեան դիմաց տուած իր խոստումը, որ որեւէ համաձայնագիր չի ստորագրեր` առանց նախապէս հանրութեան համաձայնութիւնը ստանալու:
Փաշինեան խաբեց հայ հասարակութիւնը` պնդելով, որ իբր թէ խաղաղութիւն կը բերէ Հայաստանին, յոյս ունենալով, որ այդ խոստումը պիտի օգնէ անոր պահպանել իշխանութիւնը յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Ալիեւի համար այս, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը պարզապէս թուղթի կտոր է, զոր ան կրնայ որեւէ պահու խախտել ստորագրութենէն ետք: Եթէ Ազրպէյճան յարձակի Հայաստանի վրայ, ո՛չ արեւելեան, ո՛չ ալ արեւմտեան տէրութիւնները կը միջամտեն: Հայ հասարակութիւնը պէտք չէ ի զուր ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը զօրքեր պիտի ուղարկէ` պաշտպանելու Հայաստանի սահմանները: Նախորդ ուրբաթ ստորագրուած յուշագիրը յստակօրէն կ՛ըսէ, որ անիկա զուտ առեւտրական եւ ոչ թէ ռազմական համաձայնութիւն է:
Փաշինեանի հակասական դիրքորոշումներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր կան: Ամիսներ առաջ, երբ հայ լրագրող մը անոր հարցուց, թէ արդեօք ան պիտի քննարկէ՞ տարանցիկ ուղիի կառավարումը միջազգային կազմակերպութեան յանձնելու հարցը, Փաշինեան կտրականապէս մերժեց այդ գաղափարը: Այնուամենայնիւ, ան այժմ տարանցիկ ուղի կառավարումը յանձնեց օտար կառոյցի:
Ահա դրժուած խոստում մը եւս: Քանի մը ամիս առաջ, երբ Ալիեւ պահանջեց, որ Հայաստան համաձայնի լուծարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, Փաշինեան ըսաւ, որ այդ մէկը կը կատարէ «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ի ստորագրութենէն ետք: Բայց եւ այնպէս, նախորդ ուրբաթ Փաշինեան ստորագրեց Սպիտակ տան յուշագիրը, որով կոչ կ՛ուղղուի լուծարելու Մինսքի խումբը, հակառակ անոր որ Ալիեւ չէր ստորագրած համաձայնագիրը:
Աւելի մտահոգիչ է, որ նախաստորագրուած «Խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը չի բովանդակեր որեւէ դրոյթ Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու ազատ արձակման, 2021-էն ի վեր Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման կամ 120 հազար բռնի տեղահանուած արցախահայերու վերադարձի իրաւունքին վերաբերեալ, հակառակ Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ անոնց հայրենադարձութեան վերաբերեալ որոշումին: Ասիկա վարձատրութիւնն է Ալիեւի յանցաւոր վարքագիծին: Մինչեւ Ազրպէյճան չվերանայի իր դիրքորոշումը այս հարցերուն մէջ, Փաշինեան պէտք է հրաժարի նախաստորագրել կամ ստորագրել պայմանագիրը: Յուսամ` ան չի վստահիր խոստումներուն Թրամփին, որ ապրիլի 24-ին մերժեց ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հակառակ անոր որ Քոնկրեսը եւ նախագահ Պայտընը ճանչցած էին զայն:
2020-ին Հայաստան համաձայնեցաւ Ազրպէյճանին տրամադրել տարանցիկ ուղի իր տարածքով` փոխարէնը ստանալով Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը: Այդ թուականէն ի վեր Ազրպէյճան բռնագրաւած է Արցախն ու Լաչինի միջանցքը` վերացնելով Հայաստանի պարտաւորութիւնը պահպանելու զինադադարի համաձայնագիրը: Այս տարանցիկ կապը «Թուրանի ճամբայ»-ն է` թրքական աշխարհի դարաւոր երազը, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճան պիտի կապէ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական հանրապետութիւններուն: Ցաւօք, այս հարցերը կարծէք շատ քիչ կը հետաքրքրեն Փաշինեանը, որ աւելի շատ կեդրոնացած է իր պաշտօնը պահելու, քան Հայաստանի շահերը պաշտպանելու վրայ:
Սպիտակ տան արարողութեան ընթացքին Ազրպէյճանի հիմնական ձեռքբերումներէն մէկը եղաւ 1992-ին Քոնկրեսի կողմէ ընդունուած «Ազատութեան աջակցութեան աքթ»-ի 907-րդ յօդուածի կասեցումը, որ կ՛արգիլէր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ուղղակի օգնութիւն տրամադրելու Ազրպէյճանին: Այժմ Ազրպէյճանը կրնայ գնել միլիառաւոր տոլարներու արդիական ամերիկեան զէնք, զոր կրնայ օգտագործել Հայաստանի դէմ: Ասիկա արդեօք ինչպէ՞ս կը նպաստէ խաղաղութեան:
Հանրութեան որեւէ մանրամասնութիւն չէ ներկայացուած Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ճամբու կառավարման վերաբերեալ: Ինչո՞ւ անիկա տրամադրուեցաւ 99 տարիով` յաւելեալ 99 տարի երկարաձգելու կարելիութեամբ` փաստօրէն զայն վերջնականապէս յանձնելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Հայաստանի ինքնիշխանութեան հաշուոյն: Նաեւ պարզ չէ, թէ ի՞նչ օգուտ պիտի ստանայ Հայաստանը իր տարածքով միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ ապրանքներու տարանցումէն:
Տարիներ շարունակ Փաշինեան դէմ էր Ալիեւի պահանջին` Հայաստանով անցնող ճամբու փոխարէն «միջանցք» ստեղծելու վերաբերեալ: Միջանցքը կ՛ենթադրէ, որ տարանցիկ ուղին պիտի նկատուի ազրպէյճանական տարածք: Այնուամենայնիւ, երբ նախագահ Թրամփ ելոյթ ունեցաւ Սպիտակ տան վեհաժողովին, ան այդ ճամբան «միջանցք» կոչեց: Աւելի՛ն. երեք ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ ներառուած է «անխոչընդոտ տարանցում» խնդրայարոյց եզրոյթը: Ի՞նչ կ՛ենթադրէ «անխոչընդոտ» բառը: Արդեօք այդ կը նշանակէ, թէ Հայաստան իրաւունք չունի՞ ստուգելու Ազրպէյճանէն իր տարածքը անցնող անձերուն անձնագիրներն ու ուղեբեռը:
Ահա՛ Սպիտակ տան վեհաժողովի հիմնական արդիւնքը. Թրամփ կրնայ ստանալ իր Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը, Ալիեւը, Էրտողանը եւ թրքական աշխարհը պիտի ապահովեն իրենց տարանցումը Հայաստանի տարածքով, մինչդեռ Հայաստան պիտի արտայանձնէ իր ինքնիշխան տարածքը եւ պիտի հեռացնէ Իրանը` իր միակ տարածաշրջանային դաշնակիցը: