Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց խումբը Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի իր 3-րդ մրցումը կատարեց կիրակի օր եւ 97-86 արդիւնքով պարտուեցաւ Հարաւային Քորէայէն:
Լիբանանի ազգային խումբին խաղարկութիւնը այդքան վատ չէր, բայց Քորէայի մարզիկները զարմանալի յաջողութեամբ (58 տոկոս) 3 կէտեր նշանակեցին, ուր 38 փորձերէն 22-ը յաջողեցան նշանակել: Քիսանկ Եու 8 յաջող կողովներ նշանակեց, մինչ Հիունժունկ Լի` 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ: Լիբանան միայն 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (16 փորձերէն), ուր Սերժիօ Տարուիշ, Օմար Ժամալէտտին եւ Քարիմ Զէյնուն երկուքական կողովներ նշանակեցին:
Աւստրալիոյ դէմ (93-80) պարտութենէն ետք, Լիբանանի երկրորդ պարտութիւնը քիչ մը դժուարացուց ճամբան յաջորդ հանգրուաններուն, ուր այսօր ժամը 19:00-ին պիտի մրցի Ճափոնի դէմ:
Օմար Ժամալէտտին (15 կէտ), Ալի Հայտար (14 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (13 կէտ), Ալի Մանսուր (12 կէտ) եւ Ամիր Սէուտ (10 կէտ) առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին:
4 խմբակներու առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը` Աւստրալիա (Ա. խմբակ), Իրան (Բ. խմբակ), Չինաստան (Գ. խմբակ) եւ Նոր Զելանտա (Դ. խմբակ) հասան քառորդ աւարտական, մինչ Բ. եւ Գ. դիրքերը գրաւող խումբերը իրար դէմ մրցելով պիտի փորձեն հասնիլ քառորդ աւարտական: