Յունաստան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յայտարարուած համաձայնագիրները` իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տասնամեակներ տեւած տագնապի աւարտին ուղղութեամբ կարեւոր քայլ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Յունաստան բարձր կը գնահատէ երկու կողմերու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ջանքերը, որոնք կարելի դարձուցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի մէջ յառաջընթացը:
Երկու երկիրներուն միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումն ու վաւերացումը պիտի ըլլայ յարատեւ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման յաջորդ քայլը` իբրեւ առաջնորդող սկզբունքներ ունենալով ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: