Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիսթըլ Փելես Անակնկալի Բերաւ Լիվըրփուլը` Շահելով Գերբաժակը

August 12, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուեմպլիի դաշտը ականատես եղաւ տարեշրջանի բացման մրցումին, ուր անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ եւ բաժակակիր Քրիսթըլ Փելես իրար դէմ մրցեցան գերբաժակի կամ «Քոմիւնիթի Շիլտ» բաժակի մրցումին:

«Կարմիրներ»-ը դաշտ ներկայացած էին տարբեր կազմով, որ Լիվըրփուլի հիմնական կազմը կրնայ ըլլալ 2025-2026 տարեշրջանին:

4 նոր մարզիկներով առաջին անգամ ըլլալով 2020-ի փետրուարէն ի վեր, Լիվըրփուլ դաշտ ներկայացած էր, ուր Միլոշ Քերքեզ, Ճերեմի Ֆրիմփոնկ, Ֆլորիան Վիրց եւ Ուկօ Էքիթիքէ հիմնական կազմին հետ էին եւ կատարեցին տարեշրջանի առաջին պաշտօնական մրցումը:

Քերքեզ եւ Սոպոսլայ Լիվըրփուլի պատմութեան առաջին երկու հունգարացի մարզիկներն էին հիմնական կազմէն, մինչ Քրիսթըլ Փելես իր ամբողջական կազմով դաշտ ներկայացած էր իր պատմութեան առաջին գերբաժակի մրցումին:

Լիվըրփուլ վեթերան կը նկատուի այս  մրցումին, նախապէս 25 անգամ մասնակցած ըլլալով, շահելով 16 անգամ, բայց վերջին 6 ելոյթներուն միայն 1 անգամ կրցած էր յաղթել:

«Արծիւներ»-ը աւելի յոյս ունէին, մանաւանդ որ վերջին 9 գերբաժակի 7 ախոյեանները բաժակակիր խումբերը եղած էին, եւ Քրիսթըլ Փելես Ուեմպլիի մէջ իր 6 այցելութիւններուն 4-ն յաղթած էր:

Փելես 4-4-2 խաղաոճով լաւ պաշտպանել կը փորձէր, բայց 4-րդ վայրկեանին 22 յաջորդական փոխանցումներէ ետք Վիրց գնդակը փոխանցեց Էքիթիքէի, որ պարտութեան մատնեց Տին Հենտերսոնը` նշանակելով մրցումի առաջին կոլը:

Ասիկա Լիվըրփուլի ամէնէն կանուխ կոլերէն մէկն էր, եւ յաջորդ կոլ մը պիտի նշանակուէր 13-րդ վայրկեանին, բայց օֆ սայտի դրօշը արգիլեց, որ Քոտի Կաքփօ կոլը նշանակէ:

Այս յարձակումէն անմիջապէս ետք, Ալիսոն փրկեց Լիվըրփուլը ստոյգ կոլէ մը, երբ Ժան-Ֆիլիփ Մաթեթա առանձին չկրցաւ պարտութեան մատնել պրազիլցի բերդապահը: Բայց Մաթեթա փենալթիով կրցաւ հաւասարութեան կոլը նշանակել, երբ Իսմայիլա Սարր գետին բերուած էր Վիրճիլ Վան Տայքի կողմէ:

Մաթեթայի 31-րդ կոլն էր այս, եւ միայն Ալեքսանտր Իսաք (38 կոլ), Մօ Սալահ (40 կոլ) եւ Էրլին Հաալանտ (50 կոլ) աւելի նշանակած էին 2024-էն ի վեր:

20-րդ վայրկեանին, երբ Լիվըրփուլի համակիրները կը վերյիշէին վերջերս մահացած Լիվըրփուլի թիւ 20 Տիոկօ Ճոթան ծափահարութիւններով, Ճերեմի Ֆրիմփոնկի երկար օդային փոխանցումը զետեղուեցաւ Քրիսթըլ Փելեսի բերդին մէջ` խաբելով Հենտիրսոնը:

Էքիթիքէ Բ. կիսախաղին սկիզբը քիչ մնաց նշանակէր Լիվըրփուլի 3-րդ կոլը, բայց անոր գլխու գեղեցիկ հարուածը վերջին վայրկեանին շեղեցաւ իր նպատակէն:

Քրիս Ռիչըրտծի գլխու հարուածը լաւապէս զսպեց Ալիսոն` յիշեցնելով, որ մրցումը տակաւին չէ աւարտած, եւ Քրիսթըլ Փելես հետզհետէ սկսաւ ինքզինք գտնել եւ առիթներ ստեղծել:

Սարրի կոլը 76-րդ վայրկեանին վերջ դրաւ բոլոր կասկածներուն, որ մրցումը միակողմանի չէր: Փելես փենալթի մը եւս պէտք էր ունենար, երբ իրաւարարը նկատի չառաւ Ալեքսիա Մաքալիսթըրի ձեռքը…

Սալահի ձախ ոտքի ուժգին հարուածը պէտք էր վերջ դնէր մրցումին արդիւնքին: Ժամանակը վերջ գտաւ, եւ դիմուեցաւ փենալթիներու:

Սալահ առաջին փենալթին շատ բարձր հարուածեց, մինչ Մաթիթա նշանակեց իր փենալթին:

Հենտերսոն փրկեց Մաքալիսթըրի փենալթին, որուն պատասխանեց Ալիսոն` փրկելով Էզէի հարուածը: Կաքփօ եւ Սարր նշանակեցին իրենց փենալթիները: Հարվի Էլիըթ չկրցաւ նշանակել Հենտերսոնի դէմ, որ զսպեց հարուածը, մինչ Մոսայի փենալթին զսպեց… Լիվըրփուլի բերդին սիւնը:

Սոպոսլայ նշանակեց իր փենալթին, մինչ Ճասթըն Տեւենի նշանակելով իր փենալթին տիտղոս մը եւս նուիրեց Փելեսին:

 

 

 

Նախորդը

Վիրց` Գերմանիոյ Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Էյճա Ուիլսըն Իր 30-րդ Տապըլ-Տապըլը Ձեռք Ձգեց

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.