Ֆութպոլի տարեշրջանի սկիզբը կը մօտենայ, եւ ամառնային փոխանցումները ջերմաստիճանի նման «տաքցած» են:


Ա. Սէ. Միլան կը փորձէ ձեռք ձգել Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Ռամուս Հոյլունտը, մանաւանդ որ Մանչեսթըրի «կարմիր սատանաներ»-ը վերջապէս ապահովեցին սլովենիացի յառաջապահ Պենիամին Շեշքոն, որ 74 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն միացաւ` լքելով Գերմանիոյ Ռետ Պուլ Լայփցիկը:

Չելսիի յառաջապահ Նիքոլա Ճեքսըն կ՛ուզէ լքել Լոնտոնի ակումբը` միանալու Նիւքեսըլին:

Լիվըրփուլի խմբապետ Վերճիլ Վան Տայք յայտնեց, որ Լիվըրփուլ յառաջապահի մը եւս պէտք ունի, մանաւանդ որ Լիվըրփուլ տակաւին կը փորձէ ձեռք ձգել Նիւքեսըլի շուէտացի յառաջապահ Ալեքսանտր Իսաքը:
«Տարուին Նունիես Սէուտական Արաբիա մեկնեցաւ, մինչ Լուչօ (Լուիս Տիաս) անցաւ Պայերն Միւնիխի շարքերուն: Պէտք է յառաջապահ մը եւս ունենանք ապագայի հաշիւներու համար», ըսաւ Վան Տայք:
Նիւքեսըլին պիտի միանայ նաեւ Ա. Սէ. Միլանի կեդրոնի պաշտպան Մալիք Թիաու:

Հերի Քէյն ըստ երեւոյթին պիտի կորսնցնէ իր խմբակից Քինկզլի Քոմանը, որ Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբին պիտի միանայ` դառնալու Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի խմբակիցը:

Գերմանական Լայփցիկ խումբը պատրաստ է Քրիսթոֆըր Էնքունքուն վերստին «Պունտըսլիկա» բերելու` Չելսիի հետ համաձայնութեամբ փոխարինելով միջնապահ Չաւի Սիմոնզը, որ պիտի միանայ Լոնտոնի ակումբին 81 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն: